image

Ռոսթովի մարզի Ozon-ի եւ DNS-ի պահեստները թիրախ՝ ուքրանական հարուածներու

Ռոսթովի մարզի  Ozon-ի եւ DNS-ի պահեստները թիրախ՝ ուքրանական հարուածներու

Օգոստոս 29-ի գիշերը ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը հարուածած են Ռոսթովի մարզին մէջ գտնուող Ozon-ի պահեստը։ Ընկերութենէն յայտնած են, որ բոլոր աշխատակիցները նախապէս տարհանուած են, եւ նախնական տուեալներով՝ տուժածներ չկան։

Յարձակման հետեւանքով հրդեհ բռնկած է, որ անմիջապէս մարուած է, սակայն համալիրին աշխատանքը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է։ Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով՝ Ozon-ը դադրեցուցած է նաեւ նոյն շրջանին մէջ գտնուող իր երկրորդ մատակարարման կեդրոնի աշխատանքը եւ տարհանած հոն գտնուող անձնակազմը, թէեւ այդ կառոյցը չէ վնասուած։

Ուքրանական թելեկրամեան ալիքներու եւ Astra պարբերականի տուեալներով՝ հարուածներու տակ յայտնուած են նաեւ DNS ելեկտրական սարքերու խանութներու ցանցի երկու պահեստները, որոնցմէ մէկուն մէջ՝ Աքսայ քաղաքին մէջ, հրդեհ բռնկած է։

Ռոսթովի մարզի նահանգապետ Եուրի Սլիւսարի տեղեկացմամբ՝ գիշերային յարձակման հետեւանքով եօթը մարդ վիրաւորուած է։ Տոնի Ռոսթովի Փրոլեթարսքի շրջանին մէջ ԱԹՍ-ներու բեկորներու անկման հետեւանքով վնասուած են երկու բազմաբնակարան շէնքեր։ Եւս երեք մարդ բժշկական օգնութեան դիմած է Աքսայի շրջանին մէջ, ուր անօդաչուներու բեկորներ յայտնաբերուած են պահեստային տարածքներուն մէջ։

 

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն իր հերթին յայտնած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներով ընդհանուր առմամբ խոցուած է 313 ուքրանական անօդաչու թռչող սարք՝ Ռուսիոյ տարբեր մարզերու, Խրիմի, ինչպէս նաեւ Ազովի եւ Սեւ ծովերու ջրային տարածքներուն մէջ։