image

Բարձր մակարդակի շփումները նոր շունչ հաղորդած են հայ-ուքրանական յարաբերութիւններուն․ Թորոսեան

Բարձր մակարդակի շփումները նոր շունչ հաղորդած են հայ-ուքրանական յարաբերութիւններուն․ Թորոսեան

Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը որպէս պատուաւոր հիւր մասնակցած է Ուքրանիոյ անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած միջոցառման։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարութենէն։

Իր ելոյթին ընթացքին նախարար Թորոսեան կառավարութեան անունով շնորհաւորած է Ուքրանիոյ բարեկամ ժողովուրդը տօնին առիթով եւ շեշտած, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ Ուքրանիոյ հետ բարեկամութեան վրայ հիմնուած երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումն ու ընդլայնումը։

Արսէն Թորոսեան ընդգծած է, որ վերջին շրջանին աշխուժացած բարձրաստիճան փոխայցելութիւններն ու շփումները նոր շունչ տուած են Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ միջպետական յարաբերութիւններուն։

Նախարարը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ մարդասիրական, կրթական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ իրականացուող ծրագիրներու եւ աշխատանքներու կարեւորութեան՝ նշելով, որ համատեղ ջանքերով կարելի է նոր խթան հաղորդել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու իրագործման։

Արսէն Թորոսեան նշած է, որ Հայաստանը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու փոխադարձ համագործակցութեան միջոցով նպաստել երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման։