image
Հրատապ լուրեր:

Գոնկրէսը վաւերացուց Ճօ Պայտընի նախագահ ընտրուիլը

Գոնկրէսը վաւերացուց Ճօ Պայտընի նախագահ  ընտրուիլը

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը հաստատած է նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները: Երկու պալատներու անդամները համաձայնած են Ընտրիչներու խորհուրդի դիրքորոշման հետ, որ դեկտեմբերի վերջը յաղթող ճանաչած էր դեմոկրատներու թեկնածու՝ Ճօ Պայտըն:

Կ'ենթադրուէր, որ Գոնկրէսի ընտրութիւններոււ յաղթողը պէտք է հաստատուեր մի քանի ժամ շուտ, բայց նիստը յետաձգուած էր Ուաշինկթընի մէջ անկարգութիւններու պատճառով:

Տանըլտ Թրամփի կողմնակիցները, որոնք հաւաքուած էին քաղաքի կեդրոնը, ինչ որ ձեւով կարողացած են ճեղքել պահպանութիւնը ու մտնել Քափիթոլիի շէնքը: Ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է զէնք ու արցունքաբեր կազ կիրառել մարդոց դուրս մղելու համար:

Վերջին տուեալներու համաձայն՝ անկարգութիւններուն հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է եւ քանի մը տասնեակ՝ ձերբակալուած:

Որոշ Հանրապետականներ փորձած են խանգարել Պայտընի յաղթանակի հաստատումը վիճարկելով ընտրութիւններու արդիւնքները ՃորՃիա, Միշիկըն, Նեւատա եւ Փենսիլվանիա նահանգներուն մէջ: Սակայն անոնց նախաձեռնութիւնը աջակցութիւն չէ գտած, նոյնիսկ՝ համակուսակիցներու կողմէ: