image

Ռուսիոյ եւ Իրանի ռազմածովային ուժերը համատեղ զօրավարժութիւններ կը կատարեն

Ռուսիոյ եւ Իրանի ռազմածովային ուժերը համատեղ զօրավարժութիւններ կը կատարեն

ԱՄՆ-Իրան լարուածութեան եւ միջուկային գործարքի շուրջ բանակցութիւններու լոյսի ներքով՝ Ռուսիոյ եւ Իսլամական Հանրապետութեան ռազմածովային ուժերը համատեղ զօրավարժութիւններ կը կատարեն Օմանի ծոցի եւ Հնդկական ովկիանոսի հիւսիսային հատուածին մէջ։

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ երկու երկիրներու անձնակազմերը կը համակարգեն իրենց գործողութիւնները՝ քաղաքացիական նաւագնացութեան անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Նիքոլայ Փաթրուշեւը յայտարարած էր, որ փետրուարի վերջը Հորմուզի նեղուցին մէջ պիտի իրականացուին համատեղ զօրավարժութիւններ՝ ռուսական, իրանական եւ չինական նաւերու մասնակցութեամբ։

Ամերիկեան մամուլը եւս կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աւելի մեծ թիւով ուժեր կուտակել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, սակայն Տանըլտ Թրամփ տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններ սկսելու մասին։