image

Գլխաւոր առանցքը Արեւմտահայերէնն է. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան ներկայացուց «Կիւլպէնկեան»ի ընդհանուր մօտեցումները

   Գլխաւոր  առանցքը  Արեւմտահայերէնն է. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան ներկայացուց «Կիւլպէնկեան»ի  ընդհանուր մօտեցումները

Այս քանի մը տարուայ մէջ կրցանք քայլ մը առաջ երթալ, գիտակցութիւն կայ ներկայ սերունդին մօտ, որ եթէ իրենք չաշխատին, այս լեզուն պիտի մեռնի, եւ այդ չեն ուզեր, արեւմտահայերէնը գեղեցիկ է, մեր մշակոյթն է եւ կարեւոր է որ պահենք։

 

                     Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան 

       

   Օրերս «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան խօսելով «Սիվիլնէթ»ին մասնաւորապէս ըսած է, թէ երբ 8 տարի առաջ ան հայկական բաժանմունքին ղեկավարութիւնը ստանցձեց է, ռազմավարութիւն մը մշակելու միտումով 6-7 ամիս այցելած է գաղութներ, հանդիպումներ ունեցած է ուսուցիչներու, մտաւորականներու, ուսանողներու եւ նոյնիսկ մեր եկեղեցւոյ զոյգ Վեհափառ Հայրապետներուն հետ: «Սփիւռքի մէջ ուր որ գացի բոլորին մտահոգութիւնը նոյնն էր՝ արեւմտահայերէնին վրայ շեշտ դնել, որովհետեւ իսկապէս ճգնաժամային վիճակի մէջ է»: 

 Հետեւաբար մշակուած է 5-ամեայ ծրագիր եւ այն վերահաստատուած է 2018-ին: Ծրագրի 4 ուղղութիւնները հրապարակուած են հիմնարկի կայքէջին վրայ, եւ հիմնականը արեւմտահայերէնին վրայ կեդրոնանալն է: 

Ան նշեց, թէ «Կիւլպէնկեան»ի տարած գործունէութեան մէջ աշխարհի չորս կողմէն ներգրաւուած են հազարաւոր մարդիկ սկսեալ պատանիներէն մինչեւ խմբագիրներ, հրատարակիչներ, ծրագրաւորողներ եւ այլ ոլորտներու մասնագէտներ։ «Աշխարհի մէջ 20-22 երկրի մէջ մարդիկ ունինք, որոնք մեզի հետ կ'աշխատին»: 

Փանոսեան անդրադառնալով այն ծրագիրներուն, որոնց կ'օժանդակեն ըսած է, «Մեր նպատակը այն է որ գործընկերները հասնին այն մակարդակին, որ ինքնուրոյն կարենան շարունակել իրենց աշխատանքը: Եթէ վստահութիւն չկայ որ քանի մը տարի ետք ծրագիրը իր արդիւնքը պիտի տայ չենք օժանդակեր։ Կ'աշխատինք օրինակի համար Համազգայինի հետ թուայնացման գործերուն մէջ, կ'աշխատակցինք Բարեգործական միութեան հետ կրթական ծիրէն ներս, ինչպէս օրինակ օժանադակեցինք Լիբանանի մէջ իրենց ծրագիրին, այս տեսակի գործունէութիւն ունինք համասփիւռքեան մակարդակի վրայ: Կը համագործակցինք իւրայատուկ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս օրինակ լեզուն զարգացնելու համար ուսուցիչներու վերաորակման ծրագիրներուն, կը համագործակցինք Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանին հետ, Նիւ Եորքի արեւելեան թեմի առաջնորդարանի կրթական խորհուրդին հետ: Աշխատած ենք Հայկազեան Համալսարանին հետ, Փարիզի Ինելքօ համալսարանին հետ: Այլ կարեւոր օրինակ է ՝ «Զարմանազան» ծրագիրը, որ ամառնային ճամբար է արեւմտահայերէնով, ուր ամէն ինչ հայերէնով տեղի կ'ունենայ, ֆրանսական կազմակերպութեան հետ համագործակցելով։

 Իսկ մշակութային ծիրէն ներս «Արդ եւս» նորարար մշակոյթ արտադրելու ծրագիրը ուղղակի մենք կ'ընենք: 

Այսինքն իւրաքանչիւր ծրագիր տաբեր ձեւով կը մշակուի, բայց բանալին գործընկեր ունենալն է, եւ գործին վրայ կեդրոնանալը»:

«Կիւլպէնկեան»ի հայկական բաժանմունքի տնօրէնը անդադարձաւ նաեւ թէ կարելի է անհատական ծրագիրներով հիմնարկին դիմել: «Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ այնքան լաւ գաղափարներ կան, որոնցմով շատեր կը դիմեն մեզի: Ամբողջ տարուան ընթացքին մեր դռները բաց են, կը հաւաքենք ծրագիրները ու տարին 4 անգամ կը գնահատենք զանոնք»: 

Ան շեշտեց, թէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը որոշ ռազմավարութիւն ունի, որուն վրայ կ'աշխատի, բայց նաեւ բաց է համագործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կ'ուզեն «Կիւլպէնկեան»ի հետ գործակցիլ: Դոկտ. Փանոսեան կարեւորեց այն փաստը, որ որպէս «Կիւլպէնկեան հիմնարկ» ունին որոշ արժէքներ ու մօտեցումներ, ինչպէս՝ արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնը: 

Ինչ կը վերաբերի համասփիւռքեան մակարդակի վրայ մէկ ռազմավարութիւն մը մշակելու առաջարկներուն, ան ըսաւ «ես չեմ խորհիր որ այդ իրապաշտ է եւ կրնայ տեղի ունենալ, որովհետեւ ամէն կազմակերպութիւն իր առաջնահերթութիւնները ունի, բայց կրնամ ըսել, որ մենք կրցանք մթնոլորտ մը ստեղծել սփիւռքի մէջ, ուր արեւմտահայերէնը սկսաւ ըլլալ հետաքրքրական եւ պատանիներն ու երիտասարդները իսկապէս անոր մէջ ներգրաւուեցան»: 

 

 Փանոսեան նաեւ դիտել տուած է, թէ Սփիւռքի մէջ հարցերը կը լուծուին իւրաքանչիւրը իր դերը կատարելով, եւ այդ փոքր մասնիկները ապագային կրնան մեծ արդիւնք տալ: «Ես կեդրոնացման չեմ հաւատար, չեմ հաւատար որ պէտք է բոլորս մէկ գործընթաց ունենանք, եթէ ամէն մարդ իր գործը ընէ, իր փոքրիկ ներդրումը ունենայ շատ աւելի արդիւնք կը ստանանք»: 

 

 Ան նաեւ ըսած է, թէ ան միշտ լաւատես է ի տես այն երիտասարդութեան, որ կը պաշտպանէ արեւմտահայերէնը եւ կը գործածէ զայն: Ան սակայն յայտնած է, թէ երբեմն յոռետես ըլլալու պատճառ ալ կ'ունենայ երբ արեւմտահայերէնին հանդէպ անարգանք կը զգայ մանաւանդ Հայաստանի որոշ կարեւոր շրջանակներէ: «Այդ անարգանքը վնասակար կը գտնեմ, վնասակար կը գտնեմ երբ որ կ'ըսեն, թէ արեւմտահայերէնը բարբառ է ոչ լեզու, եւ թէ ինչո՞ւ այս հարցով կը զբաղիք, լեզուն արդէն մեռած է, Սփիւռքի մէջ ալ մարդիկ կան այսպէս կ'արտայայտուին:Եւ այս պատճառով ալ ես կ'անդրադառնամ, որ որքան գործ ունինք ընելու Հայաստանի մէջ որպէսզի արեւմտահայերէնը աւելի ճանչցնենք որպէս ամէնօրեայ կենսունակ լեզու, որ սփիւռքի  կարեւոր մասին կողմէ  ամէնօրեայ օգտագործման լեզու է»։

 

Փանոսեան ըսած է, թէ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ հիմա Լիբանանէն եւ Սուրիայէն երիտասարդներ կան, որոնք արեւմտահայերէնով շատ լաւ գործ կ'ընեն, կարելի է ձեւով մը այդ ուժերը համախմբել եւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի կեդրոն մը սետղծել: Ան մէջբերեց Մարկ Նշանեանի հետաքրքրական միտքը «Եթէ կ'ուզենք սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնը աւելի լուրջի առնուի, ապա Հայաստանի մէջ պէտք է այն աւելի լուրջի առնուի, որովհետեւ սփիւռքի հայեացքը դէպի Հայաստան է եւ եթէ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը գնահատուի աւելի պաշտօնական ձեւով, ապա այդ պարագային ալ հնարաւոր կը  դառնայ, որ սփիւռքի մէջ ալ գնահատուի»: 

 

 Փանոսեան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ «Կիւլպէնկեան»ի հովանաւորութեամբ արեւմտահայերէնով գիրքեր լոյս կը տեսնեն: Իսկ արհեստագիտական աշխարհին մէջ ալ, լեզուն եւ աշխարհագիտութիւնը քով քովի բերելու աշխատանքը Հայաստանի մէջ կը կատարուի: Հայաստան անշուշտ մեծ դեր ունի արեւմտահայերէնի պահպանման մէջ, «բայց Հայաստանի որոշ խաւի կարծրատիպերը պէտք է հալեցնել»: 

 

«Այս քանի մը տարուայ մէջ կրցանք քայլ մը առաջ երթալ, գիտակցութիւն կայ ներկայ սերունդին մօտ, որ եթէ իրենք չաշխատին, այս լեզուն պիտի մեռնի, եւ այդ չեն ուզեր, արեւմտահայերէնը գեղեցիկ է, մեր մշակոյթն է եւ կարեւոր է որ պահենք», եզրափակած է Փանոսեան: 

 

Նիւթը՝ «Արեւելք»ի համար «Սիվիլնէթ» կայքէն գրաշարեց ՝Թ.Գ.