Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ պաշտօնական այցով մեկնած է Լեհաստան։ Ան հանդիպում պիտի ունենայ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի, նախագահ Քարոլ Նաուրոցքիի եւ Ծերակոյտի նախագահի հետ։
Փաշինեան պիտի այցելէ նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու լեհական հիմնարկ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ լեհական վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հետ: