Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան կ՚առաջարկէ սինոդական կառոյց ստեղծել՝ որպէս իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու մէջ ճգնաժամէն ելք: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն յայտնած են, որ այս յայտարարութիւնը ան ըրած է Վիեննայի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական հաւաքի բացման նիստի իր ուղերձին մէջ:
Ըստ արքեպիսկոպոսի՝ սա պիտի ամրապնդէ Մայր Աթոռի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի դիրքերը: Մաշալեան առաջարկած է նաեւ սահմանել Ազգային եկեղեցական ժողովի գումարման յստակ ամսաթիւ։
Սինոդական կառոյցը կրօնական-եկեղեցական կառավարման բարձրագոյն մարմին է՝ բաղկացած բարձրաստիճան հոգեւորականներէ:
Պոլսոյ պատրիարքը, նշելով, որ երկկողմանի գրգռիչ գործողութիւններն ու արտայայտութիւնները կը խորացնեն իրավիճակը, շեշտած է, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հեղինակազրկուած է: Ըստ անոր՝ սինոդական կառոյցի կազմին մէջ կրնան ընդգրկուիլ նաեւ որոշ ընդդիմադիր հոգեւորականներ։ Սա, Մաշալեանի կարծիքով, կրնայ հող նախապատրաստել անցումային շրջանի մէջ ելքեր որոնելու համար։
«Ասիկա առիթ մըն է որ այս Եպիսկոպոսական Ժողովը ընտրէ տասներկու աւագ եպիսկոպոսներ որպէսզի այս շրջանին Մայր Աթոռի կառավարման գործին նեցուկ կանգնին Վեհափառ Տիրոջ:
Եթէ Մայր Աթոռը չստանձնէ այս վարչական բարեփոխութիւնը, կը վախնամ ներկայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կազմով Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութիւնը անբաղձալի կերպով պիտի տկարանայ», - նշած է Մաշալեան: