image

Գիտութեան նուիրեալ Սեդա Տեվեճեանի յիշատակին

Գիտութեան նուիրեալ Սեդա Տեվեճեանի յիշատակին

Վերջերս Երեւանի մէջ կեանքէն հեռացաւ հնագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, գիտութեան անխոնջ նուիրեալ Սեդա Տեվեճեան: Ան կինն էր անուանի պատմաբան, հայագէտ-արեւելագէտ Արամ Տէր-Ղեւոնդեանի (1928-1988) եւ մայրը՝ Մատենադարանի նախկին տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի:

Սեդա Տեվեճեան 88 տարեկան էր եւ կեանքին հրաժեշտ տուաւ երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ: Անոր ներդրումը մեծ է գիտութեան մէջ. Սեդա Տեվեճեան նաեւ գիրքերու հեղինակ էր:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրագրութեան կաճառը եւ Սեդա Տեվեճեանի գործընկերները, մահուան գոյժը տարածելով, հաղորդած էին, որ կեանքէն հեռացած է գիտութեան նուիրեալը, Լոռի Բերդ դամբարանադաշտի կէսդարեայ պեղումներու հիմքին կանգնած գիտնականը, որ իր պեղումներով ու գիտական բացայայտումներով հարստացուցած ու թարմացուցած է Հայաստանի հնագոյն անցեալի ուսումնասիրութեան աղբիւրագիտական հենքը։ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի նախկին տնօրէն, հնագէտ Պաւէլ Աւետիսեան, արժեւորելով այդ դամբարանադաշտը եւ Սեդա Տեվեճեանի կատարած աշխատանքը, անոր մահուան օրը գրած էր.

«Լոռի Բերդ դամբարանադաշտը միակ յուշարձանն է Հայաստանի մէջ, ուր արձանագրուած են աւելի քան 1500 տարիներու ընթացքին կատարուած «արքայական թաղումներ»։ 1500 տարիներու ընթացքին, սերունդէ-սերունդ հայոց պետականութեան ու պատմութեան մասին վկայող նիւթերու գիտական, ճանաչողական, գեղագիտական արժէքը անչափելի է։

Հայ հնագէտներէն ոչ մէկը՝ 19-րդ դարէն մինչ այսօր, նման առաջնակարգ, հայոց բարձրակարգ մշակոյթը ներկայացնող սկզբնաղբիւրներ լոյս աշխարհ բերած է:

Անչափելի են անոր դաշտային հետազօտութիւններու արդիւնքներն ու կատարած գործը։ Տակաւին քանի՜ սերունդ պէտք է քրտնաջան աշխատի՝ Սեդայի պեղածով Հին Աշխարհը մեզի հասու դարձնելու համար։ Կը խոնարհիմ խնկարկելի հիշատակիդ առաջ։ Մօրմէս յետոյ միակն էիր, որու ձեռքը համբուրելու ժամանակ երանութեան զգացում ապրած եմ»:

***

Պաւէլ Աւետիսեան Սեդա Տեվեճեանի ողջ եղած ատենը նոյնպէս արժեւորած է անոր գործը՝ հրատարակելով արժէքաւոր յօդուած մը (հնագէտ Արսէն Պոպոխեանի հետ համատեղ): Այդ յօդուածը լոյս տեսած է ակադեմիոյ «Լրաբեր» հանդէսին մէջ՝ Սեդա Տեվեճեանի 85-ամեակի առթիւ՝ 2021-ին: Կը ներկայացնենք յօդուածը՝ Սեդա Տեվեճեանի՝ հայ ժամանակակից հնագիտութեան «իշխանուհիի» յիշատակին:

 

ՍԵԴԱ ՏԵՎԵՃԵԱՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱՅ ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մարդկաշահ գիտութիւններու զարգացման հիմնական նախադրեալը եղած է եւ կը մնայ նուիրումը: Իսկ այնպիսի ոլորտի մը համար, ինչպիսին հնագիտութիւնն է, նուիրումը ուղղակի միակ շարժիչ ուժն է, որը, միախառնուելով իւրայատուկ երազայնութեանը, այդ մասնագիտութիւնը կը դարձնէ կենսակերպ:

Նիւթապաշտութեամբ բնորոշուող մեր դարաշրջանին մէջ այսպիսի կենսակերպով ապրիլը դիւրին բան մը չէ: Աւելին, զայն մանաւանդ դժուար է կնոջ համար, որը, գիտական նուիրումէն զատ նաեւ մայր է եւ ունի իր գոյութեան «երկրորդ դաշտը»՝ ընտանիքը: Իսկ որու որ կը յաջողի այդ երկու դաշտերը համատեղել՝ կը դասուի մեծերու կարգին: Այս խօսքերով կարելի է բնորոշել վաստակաշատ հնագէտ Սեդա Տեվեճեանը, որու 85-ամեայ յոբելեանը լրացաւ այս տարի (2021 թուականին):

Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սեդա Հրանդի Տեվեճեանը ծնած է 1936 թուականի փետրուարի 9-ին՝ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ՝ Հրանդ Տեվեճեանի ընտանիքի մէջ: Վերջինս յայտնի հասարակական եւ մշակութային գործիչ էր՝ Լիբանանի «Առաւօտ» օրաթերթի խմբագիրը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներգաղթի կոմիտէի նախագահը (1945-1947 թուականներուն)։

Սեդա Տեվեճեանը դպրոցական տարիները անցուցած է նախ Պէյրութ, ապա 1947 թուականին Խորհրդային Հայաստան տեղափոխուէլէ յետոյ ուսանած է Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 դպրոցը։

Իր բարձրագոյն կրթութիւնը ան ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ՝ 1954-1959 թուականներուն:

1959-1961 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, իսկ 1962 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառը, մասնաւորապէս՝ վաղ հնագիտութեան բաժնին մէջ՝ որպէս աւագ գիտաշխատող։

Թեկնածուական ատենախօսութիւնը՝ «Տաշիր-Ձորագէտը պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարաշրջաններու մէջ» թեմայով, պաշտպանած է 1977 թուականին՝ յայտնի հնագէտ Յարութիւն Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ։

Իր երկարատեւ մասնագիտական կեանքի ընթացքին Սեդա Տեվեճեանը մասնակցած կամ ղեկավարած է հնագիտական բազմաթիւ պեղումներ Լճաշէնի (1958-1960), Արգիշտիխինիլիիի (1964-1982), Նորաբացի (1979), Ստեփանաւանի (Չեշմանիս, 1980), Երեւանի Շահումեան թաղամասի (1985), Կուրթանի (2006), Թեղուտի մէջ (2009-2015 ) եւ այլուր։

Սակայն Սեդա Տեվեճեանի անուան հետ առաջին հերթին կը կապուին Լոռի Բերդի պեղումները (1969-2018 թուականներ), որը ոչ միայն հնագոյն Հայաստանի, այլեւ Կովկասի եւ Առաջաւոր Ասիայի կարեւոր յուշարձաններէն է։ Անոր ղեկավարութեամբ այստեղ պեղուած են 110-է աւելի դամբարաններ, ինչպէս նաեւ միջինպրոնզէդարեան բնակավայրը։ Դամբարաններէն շատեր աչքի կը զարնեն իրենց խոշոր չափերով, ճարտարապետական յօրինուածքներով եւ չափազանց հարուստ նիւթով։ Լոռի Բերդի պեղումները ցոյց տուին, որ Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան կողմերը՝ Լոռիի չնաշխարհիկ բնութեան մէջ, հազարամեակներ առաջ, բնակութիւն հաստատած է մշակութային հարուստ աւանդոյթներ ունեցող ժողովուրդ մը, որը երկու հազարամեակի ընթացքին աշխատած, արարած, ձեռք բերած է մեծ հարստութիւն, յարաբերութիւններ ունեցած է մօտակայ եւ հեռաւոր երկիրներուն հետ, գուցէ նաեւ գերիշխանութիւն՝ ռազմական եւ քաղաքական ասպարէզին մէջ: Լոռի Բերդի պեղումներու շնորհիւ բացուած է հնագիտական մշակութային հինգ դարաշրջան՝ միջին եւ ուշ պրոնզ, վաղ երկաթ, ուրարտական եւ յետուրարտական (նախքան Քրիստոս մօտաւորապէս 3-րդ հազարամեակի վերջէն մինչեւ առաջին հազարամեակի կէս), իւրաքանչիւրին բնորոշ ուրոյն կացութաձեւով:

 

Շնորհիւ հնագէտի արդիւնաւէտ աշխատանքի, Լոռի Բերդի դամբարանային համալիրներն ու բոլոր շրջափուլերէ յայտնաբերուած եզակի ցուցանմոյշները յայտնի դարձան ամբողջ աշխարհին:

 

Բազմամեայ պեղումները ցոյց տուին, որ Հայաստանը եւ մասնաւորապէս Լոռիի ենթագօտին, մեծապէս սերտաճած եղած են հին Առաջաւոր Ասիոյ եւ Լեւանտի մշակութային եւ առեւտրափոխանակային յարաբերութիւններու մէջ: Պարզելու համար այս առընչութիւնները՝ Սեդա Տեվեճեանն իր կեանքի ընթացքին ճանապարհորդած է բազմաթիւ երկիրներ եւ աշխատած այնպիսի թանգարաններու հաւաքածոներու հետ, ինչպիսին Լուվրն է:

 

Տասնամեակներու բեղմնաւոր ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են հեղինակի չորս մենագրութիւններու եւ շուրջ յիսուն գիտական յօդուածներու եւ հիմնադրոյթներու մէջ, որոնցմէ առաջինը, ի դէպ, տպագրուած է «Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու» հանդէսի էջերուն մէջ: Այդ աշխատանքները կը վերաբերին պրոնզ-երկաթի դարու Հայաստանի, մասնաւորապէս՝ Տաշիր Ձորագէտի եւ անոր տարածքին գտնուող Լոռի Բերդ յուշարձանի պեղումներէն յայտնաբերուած հնագիտական նիւթի վերլուծութեան:

 

Ընդ որում, ատոնց մէջ կը ներկայացուին ո՛չ միայն պեղումներու ընդհանուր արդիւնքները, այլ նաեւ՝ զանազան խնդիրներուն առընչուող հարցեր, որոնց մէջ կ՚առանձնանային մետաղագործութիւնը եւ ոսկերչութիւնը, կնիքագործութիւնը, մշակութային եւ առեւտրատնտեսական փոխառընչութիւնները, պաշտամունքը, արուեստը, թաղման ծէսը եւ այլն:

 

Հարկ կը համարենք նաեւ նշել, որ հնագիտական գործունէութենէն զատ Սեդա Տեվեճեան խմբագրած եւ վերահրատարակած է իր հօրեղբօր՝ գրող, մանկավարժ, յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ Յովհաննէս Տեվեճեանի (Արմէն Սեւան)՝ 1970 թուականին Պուէնոս Այրէսի մէջ լոյս տեսած ինքնակենսագրական գիրքը (Արմէն Սեւան, «Բանտարկեալի մը յուշերը. տառապանքի տարիներ Գարեգին Նժդեհին հետ», 2008 թուական)։ Ըլլալով Գարեգին Նժդեհի հիմնած Լեռնահայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամ, ինչպէս նաեւ՝ աւելի ուշ Նժդեհի բանտակիցը Վլատիմիրի եւ Երեւանի բանտերուն մէջ՝ Յովհաննէս Տեվեճեանը արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը յայտնէ Նժդեհի կեանքի վերջին տարիներու մասին։ Խմբագրելով յուշագրութիւնը ՝ Սեդա Տեվեճեան զայն հարստացուցած է արժէքաւոր ծանօթագրութիւններով, գրողի գրական ժառանգութեան վերաբերեալ տուեալներով, քաղաքական բնոյթի անտիպ էջերով ու լուսանկարներով:

Հնագիտութեան ոլորտին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ համակարգին մէջ գիտական մեծ ներդրման համար Սեդա Տեվեճեան զանազան տարիներու պարգեւատրուած է գովեստագիրով եւ մետայլով: Անոր երկար տարիներու անխոնջ աշխատանքը 2012 թուականին գնահատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան շնորհած «Մեսրոպ Մաշտոց» ոսկեայ մետայլով։

Սեդա Տեվեճեան կը պատկանի հայրենադարձ այն մտաւորականներու թիւին, որոնք մեր հայրենիքին մէջ հայագիտութիւնը բարձրացուցին որակապէս նոր մակարդակի։ Այդ գործին ան ձեռնամուխ եղաւ իր ամուսնոյն՝ անուանի պատմաբան, հայագէտ-արեւելագէտ Արամ Տէր-Ղեւոնդեանի հետ՝ ձգելով ոչ միայն մեծ գիտական ժառանգութիւն, այլեւ՝ ազնիւ սերունդ։

ՊԱՒԷԼ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր

ԱՐՍԷՆ ՊՈՊՈԽԵԱՆ
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու

ՍԵԴԱ ՏԵՎԵՃԵԱՆԻ ՅՒՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Սեդա Տեվեճեանը յիշողութիւններ ունի հայրենադարձութենէն, որու միջոցով ինք ընտանիքին հետ 1947-ին Պէյրութէն Հայաստան եկած է: Այդ մասին ան պատմած է վաւերագրող Տիգրան Պասկեւիչեանի «Դարձ ի շրջանս յուր» վաւերագրութեան համար: Կը ներկայացնենք տիկին Սեդայի խօսքը.

Հայրս՝ Հրանդ Տեվեճեանը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներգաղթի կոմիտէի նախագահն էր, եւ բոլոր դէպքերը մեր տունին շուրջ կը պտտէին: Փոքր էի, բայց կը յիշեմ, որ մարդիկ շատ ոգեւորուած էին: Կ՚ըսէին՝ Հայաստանը պատերազմին յաղթած է:

1946 թուականէն սկսեալ՝ հայութիւնը կ՚արձանագրուէր ներգաղթի կոմիտէի մէջ, որպէսզի Հայաստան գար: Աւելի յաճախ մեր տուն կու գային, առաւօտեան այնքան մարդ կը լեցուէր մեր տունին առջեւ, որ մարդիկ կ՚ուշաթափուէին, ներս կը բերէինք: Ամբողջ օրուայ ընթացքին մայրս այդ մարդոց անունները կը գրէր, որպէսզի յետոյ հօրս յանձնէր:

Բոլոր պատուիրակները, որոնք եկան Հայաստանէն՝ Զաւէն Չարչեան, Միքայէլ Կարապետեան… կ՚ըսէին՝ թող չգան ա՛յն մարդիկը, որոնք որ նիւթական, ընկերային լաւ վիճակի մէջ են, բարեկեցիկ են, պէտք չէ՝ պատերազմէն տակաւին նոր դուրս եկած երկիր է: Եւ թող գան ա՛յն մարդիկ, որոնք գործաւոր են, աշխատաւոր են, մեր երկիրը կարիք ունի բանուորական ձեռքերու:

Բայց միեւնոյն է, բարեկեցիկ ապրող մարդիկ ալ ոտքի ելան: Ներսէս Քէշիշեան կար, ճարտարագէտ էր, շատ լաւ դիրք ունէր: Հայրս անոր ուղիղ ըսած էր՝ դուն մի՛ երթար, ան ալ նեղացած էր՝ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ…

Հայրս օր մը եկաւ, պզտիկ կտոր մը սեւ հաց ձեռքին, ըսաւ՝ սահմանը կտրած, Հայաստանէն փախած մարդիկ բերած են, որ նախորդ տարի հոն գացած են: Հայրս չհաւատաց՝ ահա՛, կ՚ըսեն, թէ ասիկա Հայաստանի հաց է. ասիկա այլ տեղէ բերուած է, ի՞նչ Հայաստանի հաց: Ժողովուրդը այնքան սիրով էր Հայաստանի նկատմամբ, որ չէր հաւատար վատ լուրերուն:

Մենք Հայաստան պիտի գայինք 1957-ին, քանի որ կը կարծէինք, թէ մինչ այդ ներգաղթը պիտի շարունակուէր: Բայց հօրս դէմ մահափորձ եղաւ: Անոր վիճակը շատ ծանր էր: Եւ 1947-ի օգոստոսին, երբ ան քիչ մը ոտքի կեցաւ՝ եկանք Հայաստան:

Նաւին մէջ, երբ կը վազվզէի ճաշարաններու դռներու քովէն, կը տեսնէի ճերմակ, գեղեցիկ սփռոցները փռուած են սեղաններու վրայ, բայց անոնց վրայ դրուած էր գոց գոյնի, սեւ, կտրտած բան մը, կարծես տուրմով կարկանդակ ըլլար: Շատ ուրախացայ՝ կարկանդակ պիտի ուտենք: Բայց որ եկանք, նստանք սեղանի մօտ, տեսայ, որ ատիկա հաց էր, ու տարօրինակ էր, որովհետեւ այդ աստիճանի սեւ հաց ես չէի տեսած:

Երբ հասանք Պաթում, ամէն ինչ հանեցին դուրս, ըսին՝ մաքրանոց է (քարանթին), ուտելիք կարելի չէ բերել: Իսկ ամէն մարդ այնքա՜ն ուտելիք վերցուցած էր իր հետ՝ զամբիւղներով նարինջներ, ամէն ինչ բոլորը թափեցին ջուրը: Ջուրի երեսին կը լողար այդ ամէնը: Նաւէն իջանք, ուտելու բան գրեթէ չկար:

Քանի մը օրէն մեզի գնացքով բերին Երեւան: Երբ որ գնացքը կը մօտենար Երեւանին, բոլորը խենթի պէս վազեցին դէպի պատուհանները՝ Մասի՛սը, Մասի՛սը ըսելով: Նոյն Ներսէս Քէշիշեանի կինը՝ տիկին Լուսինը, որը հայութենէ հեռու էր՝ արաբախօս կաթոլիկ էր (թէեւ ամուսինը ճիշդ հակառակն էր), կը հարցնէր՝ Ներսէ՛ս, ո՞վ է Մասիսը:

Մեզ տեղ տուին Երեւան. առաջուայ Կօշիկի տան դիմաց հին շէնք էր, գիւղացիներու համար պանդոկ էր, բացարձակապէս ոչ մէկ կենցաղային յարմարութիւն կար: Յետոյ հայրս հողամաս վերցուց: Ան աշխատեցաւ «Սովետական Հայաստան» ամսագրին մէջ, որպէս պատասխանատու խմբագիր, յետոյ՝ քաղաքային խորհուրդի մշակութային լուսաւորութեան բաժնի վարիչն էր: Ինքն ալ գիւղացիի տուն-պանդոկէն մեզ փոխադրեց այդ կիսաւարտ, մասնաւոր բնակարանը: Այդ նոյն գիշերը արդէն սպաննեցին հայրս:

Սպաննողը բռնուեցաւ: Ըսին, թէ գողութեան համար սպաննած է, բայց գրեթէ բան չէր գողցած: Նոյնիսկ փոքրիկ տուփով ոսկեղէնը ձեռքը ինկած էր, բայց չէր վերցուցած: Տուփը բացած էր եւ հօրս ամուսնական մատանին վերցուցած էր: Ուրիշ բան չէր տարած:

Առանձնապէս անանկ սուր չեմ զգացած մեր եւ տեղացիներու տարբերութիւնը. ես դասարանի ընկերուհիներ ունեցած եմ, շատ ջերմ եղած ենք, մինչեւ այսօր ընկերութիւն կ՚ընենք: Մայրս հօրս մահէն յետոյ սկսաւ աշխատիլ գրադարանին մէջ: Հոն լաւ ընկերուհիներ ունէր, միշտ մեր տանն էին:

Պետութեան անվստահութիւնը, չնայած, կար: Հայրենադարձներուն, ըսենք, բանակ չէին տաներ, խանութի տնօրէն դառնալու իրաւունք չունէին, համայնավարութեան շարքերը չէին ընդուներ: Հոնտեղէն համայնավար տղաներ եկան, անոնց չէին ընդուներ իրենց կուսակցութեան մէջ:

Մեզ չաքսորեցին, ինչպէս շատ հայրենադարձներու: Հայրս չէին կրնար աքսորել, որովհետեւ ան յայտնի մարդ էր, մանաւանդ՝ Սուիրոյ եւ Լիբանանի մէջ: Ու երեւի ատոր համար ալ այդ ձեւով վերջ տուին անոր կեանքին: Այդ ալ ուրիշ տեսակ պատիժ էր՝ աքսորէն ալ վատ:

Իմ ամուսինս Եգիպտոսէն էր, ան 1949-ին քսան տարեկանին եկած էր Հայաստան: Բայց հայրենադարձ ըլլալը կապ չունէր. մենք ակադեմիային մէջ հանդիպեցանք եւ 1960-ին ամուսնացանք:

Մենք չգացինք Հայաստանէն, եղբայրս ալ չգնաց, բայց շատ հայրենադարձներ հեռացան, երբ որ հնարաւոր դարձաւ: Մարդիկ հիասթափուած էին, գալէն առաջ անոնք շատ հայկական կը պատկերացնէին Հայաստանը, բայց եկան՝ բախուեցան ուրիշ իրականութեան հետ:

Ռուսերէն չէին գիտեր, եւ ռուսական տիրապետութիւն էր, ռուսական ամէն ինչը աւելի բարձր կը դասուէր, քան՝ հայկականը: Եւ այս մարդիկ ալ անգլերէն գիտէին, ֆրանսերէն գիտէին, թրքերէն գիտէին, արաբերէն գիտէին, բայց ատիկա արդէն ոչ մէկ արժէք ունէր. ռուսերէն չէին գիտեր՝ արդէն աստիճան մը ցած էին…:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...