image

Վրաստանի ԱԳ նախարար պիտի դառնայ Մաքա Պոչորիշվիլին

Վրաստանի ԱԳ նախարար պիտի դառնայ Մաքա Պոչորիշվիլին

Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար պիտի դառնայ Մակա Պոչորիշվիլին. այս պաշտօնին անոր թեկնածութիւնն առաջադրելու մասին յայտարարած է վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն:

Ան այս պաշտօնին պիտի փոխարինէ Իլեա Տարչիաշվիլիին, նշած է 1tv.ge-ն:

Նախքան այս Մակա Պոչորիշվիլին կը զբաղցնէր  եւրոհամարկման հարցերով յանձնաժողովի նախագհի պաշտօնը:

Պոչորիշվիլին Եւրոմիութեան անդամակցելու կողմնակից է, սակայն կը կարծէ, որ այսպէս կոչուած «եւրոպամէտ ընդդիմութիւնը» կը գործէ երկրի շահերու դէմ։

Նշուած է նաեւ, որ արդարադատութեան նախարար պիտի նշանակուի Անրի Օխանաշվիլին, իսկ շրջակայ միջավայրի եւ գիւղատնտեսութեան նախարար՝ Տաւիթ Սոնկուլաշվիլին: