Օրերս, Արեւմտեան թեմի հաստատութիւններու նորարարութեան տնօրէն Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ներկայացուցած է «21րդ դարուն Սփիւռքի մէջ ապրիլ եւ Հայ մնալ» դասախօսութիւնը, կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մշակութային միութեան եւ հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մշակութային միութեան աշխոյժ վարչական կազմին եւ հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «21րդ Դարուն Սփիւռքի մէջ ապրիլ եւ հայ մնալ» խորագիրով դասախօսական երեկոն:
Հետաքրքրաշարժ եւ բովանդակալից վերնագիր ունեցող երեկոն սկիզբ առաւ վարչութեանս ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանի բացման խօսքով․ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան ներկաներուն ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Արեւմտեան թեմի հաստատութիւններու նորարարութեան տնօրէն դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի պատուաբեր կենսագրականը:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Արմինէ Ղազարեանի հիանալի կատարողութեամբ, որմէ ետք ասմունքող Անի Մարսէլեան կարդաց Ժագ Յակոբեանի «Մեզի Հայ Կ՛ըսեն» եւ Գէորգ Էմինի «Զարմանալի Հայ» բանաստեղծական կտորներէն հատուածներ:
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ներկայացուց իւրաքանչիւր սփիւռքահայու մտահոգութիւնը հանդիսացող օրուան նիւթին հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտութիւնները, զորս ան կատարած էր Սփիւռքի մէջ, պարզելով հայկական ինքնութիւնը կազմաւորող ազդակներուն պահպանման քայլերը, յարմարելով նորագոյն ժամանակին արհեստագիտութեան եւ սկզբունքներուն ու պահելով մեզ՝ մեր արմատներուն կապող հայկական արժէքները:
Աւարտին, յարգարժան դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, բաժնելով անոնց մտահոգութիւնները Սփիւռքի մէջ հայ մնալու գծով, սակայն մնալով լաւատես՝ յուսադրիչ եւ պայծառ ու փայլուն ապագայի մը հեռանկարով:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ