Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, օրերս, հանդիպած է Ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք Ն.Ս. իգնատիոս Աֆրամ Բ.-ի հետ։
Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է հայ-ասորի-ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ միջեկեղեցական գործակցութեան եւ շեշտուած է միջեկեղեցական գործակցութեան հրամայականը, յատկապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսութենէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2024-ին, Աթշանէի ասորւոց վանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Շահան արք. Սարգիսեան, Թորգոմ արք. Տօնոյեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան: Իսկ Աֆրամ Բ. պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի, Զահլէի եւ Լեռնալիբանանի առաջնորդները:
Վեհափառ հայրապետը նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց պատրիարքին` Մալապարի ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին վախճանման առիթով: Ան նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հայ-ասորի-ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ միջեկեղեցական գործակցութեան ներկայ պատկերին: Աֆրամ պատրիարքը անդրադառնալէ ետք Մալապարի եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զանոնք դարմանելու կարելիութիւններուն, իր կարգին շեշտեց միջեկեղեցական գործակցութեան հրամայականը, յատկապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Նիկիոյ Տիեզերական առաջին սուրբ ժողովին 1700-ամեակը նշելու գծով տեղի ունեցող աշխատանքներուն մասին: