image

Ձերբակալութեան հրամանը բաւարար չէ, Նաթանիահուն պէտք է մահապատիժի դատապարտել. Խամենէի

Ձերբակալութեան հրամանը բաւարար չէ, Նաթանիահուն պէտք է մահապատիժի դատապարտել. Խամենէի

Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի նկատմամբ ձերբակալման հրամանի արձակումը բաւարար չէ. ան պէտք է մահապատիժի դատապարտուի. այս մասին, BBC-ի հաղորդմամբ, ըսած է  Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին «Պասիճ» աշխարհազօրայիններու հետ հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին:

«Թշնամին չէ յաղթած Կազայի եւ Լիբանանի մէջ: Այն, ինչ սիոնիստական ռեժիմն ըրած է Կազայի եւ Լիբանանի մէջ, յաղթանակ չէ, այլ՝ ռազմական յանցագործութիւն: Մարդոց տուները ռմբակոծելը յաղթանակ չէ: Յիմարները պէտք չէ մտածեն, որ յաղթեր են, քանի որ ռմբակոծեր են տուներ, հիւանդանոցներ եւ հաւաքատեղիներ։ Ոչ ոք ասոնք յաղթանակ կը համարէ: Սիոնիստներու ըրածը ռազմական յանցագործութիւն է: Անոնք ձերբակալութեան հրաման տուած են, սա բաւարար չէ. Նաթանիահուն պէտք է մահապատիժի դատապարտուի», -ըսած է Խամենէին ։

Միջազգային քրէական դատարանը (ՄՔԴ) վերջերս Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ձերբակալելու հրաման տուած է՝ կապուած Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի իրականացուցած ռազմական գործողութիւններու հետ։