image

Իրանը բանակցութիւններ պիտի վարէ իր միջուկային ծրագրի վերաբերեալ

Իրանը բանակցութիւններ պիտի վարէ իր միջուկային ծրագրի վերաբերեալ

Իրանը նոյեմբեր 29-ին բանակցութիւններ պիտի վարէ իր միջուկային ծրագրի վերաբերեալ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ հետ։ Այս մասին յայտնած է իրանեան ISNA պետական ​​գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։

Անոր խօսքով՝ հանդիպումը պիտի կայանայ արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով։ Բանակցութիւնները պիտի ըլլան Նիւ Եորքի մէջ սեպտեմբերին կայացած շփումներու շարունակութիւնը։

Ճափոնական Kyodo գործակալութիւնը յայտնած է, որ փոխնախարարներու հանդիպումը պիտի կայանայ Ժընեւի մէջ, եւ բացի երեք եւրոպական երկիրներու դիւանագէտներէն, ատոր պիտի միանան նաեւ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներ։

Reuters-ի հաղորդմամբ ալ՝ Իրանի իշխանութիւնները՝ նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի գլխաւորութեամբ, կը ձգտին միջուկային փակուղիէն ելք գտնել մինչեւ յունուար՝ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութիւնը։

«Թեհրանը միշտ համարած է, որ միջուկային խնդիրը պէտք է լուծուի դիւանագիտական ​​ճանապարհով»,-ըսած է իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան: