Օրերս Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած է յիշատակումը Հայ Կաթողիկէ եռամեծ հոգեւորականներէն՝ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաջանեանին։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Դամասկոսի հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» աթոռանիստ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ միջոցառում՝ նուիրուած Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպած էր Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ, Կիրակի 28 հոկտեմբերի առաւօտեան, «Թագուհի Տիեզերաց» հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ միջոցառում՝ նուիրուած Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի։
Ձեռնարկը կազմակերպած էր Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, համագործակցութեամբ Հայ Կաթողիկէներու Տիկնանց միութեան յանձնախումբի եւ տեղւոյն Հայուհիներու միութիւններուն ։
Դասախօսութեան սկիզբը Դամասկոսի հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման համար յիշելով անոր կեանքի պայծառ օրինակը։
Միջոցառումը ընդգծեց Կարդինալ Աղաճանեանի մնայուն ժառանգութիւնը, յիշելով, թէ ինչպէս անոր աշխատանքները կը շարունակեն ոգեշնչել համայնքը՝ յոյսի եւ փրկութեան որոնումներուն մէջ ։
Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներուն Տիկնանց Միութեան նախագահ տիկին Շաքէ Քէչիչեան կարեւորեց Կարդինալին անխոնջ աշխատանքը՝ ի նպաստ Սուրիոյ, մասնաւորապէս Քեսապ հայկական աւանին, որ Ծիրանաւորի յանձնառութեան շնորհիւ մնաց սուրիական ու հայկական հող։
Միջոցառումին վայր, Դամասկոսի ընտրութիւնը՝ աննշան չէ։ Այս քաղաքը, ցաւօք սիրտի՝ տառապանքով բնորոշուած, պարարտ հող է նաև սրբութեան և հոգևորութեան։
Ամենադժուար իրավիճակներուն մէջ, ուր փորձութիւնները աւելի ծանր կը դառնան, Տիկնանց Միութիւնը իր ամենօրեայ աշխատանքով իր կարեւոր պարտականութիւնը կը կատարէ՝ Աստուծոյ Ծառայի պատգամը դէպի դուրս սփռելով։
Դասախօսութեան ընթացքին ի յայտ եկաւ նաեւ այն սէրը, որով հայերը կը յիշեն կարդինալը, զայն համարելով հաւատքի տէր մարդ, որ Աւետարանը վկայեց քրիստոնէական առաքինութիւններու իր արտասովոր կատարումով։
Նիւթը «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։
Գրեց՝ Վազգէն Աբարդեան