image

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ուղիներ

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ուղիներ

TUMO, ARMATH, COAF, FAST… տաս­նա­մեակ մըն է որ Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան մար­զին մէջ ի յայտ եկած են նո­րայայտ անուններ, որոնք կը յատ­կանշեն առա­ջատար ար­հեստա­գիտու­թեան առնչուող ծրա­գրեր, ուղղուած դպրո­ցական տա­րիքի մա­նուկնե­րու։ Առա­ջին եր­կուքը՝ TUMO-ն եւ ARMATH-ը ծա­նօթ են որպէս մի­ջազգա­յին ճա­նաչում ու համ­բաւ վաս­տա­կած ար­տադպրո­ցական նա­խա­ձեռ­նութիւններ, որոնք կը կի­րար­կուին աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ։ TUMO-ն թուային ար­հեստա­գիտու­թեան ար­տադպրո­ցական աշ­խա­տանոց է, որ Ֆրան­սա­յի մէջ երեք մաս­նա­ճիւ­ղեր ու­նի՝ Փա­րիզ, Լիոն, Մար­սի­լիա… ARMATH-ը՝ նոյնպէս, ճար­տա­րագի­տական աշ­խա­տանոց­ներ ունի ԱՄՆ-ու, Եւ­րո­պայի, Հնդկաս­տանի մէջ… COAF-ը Հա­յաս­տա­նի Տա­ւու­շի սահ­մա­նամերձ գիւ­ղե­րու մա­նուկնե­րուն եւ ծնող­նե­րուն ար­դիական գի­տու­թիւննե­ր ու մաս­նա­գիտա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ջամ­բող կեդ­րոն է, որ Հայ­սա­տանի այլ շրջան­նե­րու մէջ ալ կեդ­րոններ կը բա­նայ։ Այս հաս­տա­տու­թիւննե­րու նո­րագոյ­նը FAST-ն է, որ Նո­յեմ­բեր 16-ին Փա­րիզ՝ հան­րա­ծանօթ Ֆրան­սա­յի ինքնա­շար­ժի ակումբին մէջ կազ­մա­կեր­պեց ճաշ­-կա­լա մը ի նպաստ իր ծրագրին, որ Հա­յաս­տա­նի դպրոց­նե­րուն մէջ հաս­տա­տելն է ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան ու­սուցու­մը, Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թեան հետ գոր­ծակցա­բար։

Ինչ որ հա­սարա­կաց է այս չորս նա­խաձեռ­նութիւննե­րուն, այն է որ բո­լորն ալ կրթա­կան աս­պա­րէզին կը վե­րաբե­րին, ար­հեստա­գիտու­թեան ու նո­րարա­րու­թեան։ Անոնցմէ եր­կուքը ան­հա­տական հիմ­նադրամ­նե­րու ներ­դումի ար­դիւնք են, իսկ յատ­կա­պէս վեր­ջի­նը FAST-ը (Foundation for Armenian Science and Technologie)՝ հա­ւաքա­կան հիմ­նադրա­մի, որուն գլխա­ւոր եր­կու հիմ­նա­դիր­ներն են՝ Նու­պար Աֆէեան եւ Ռու­բէն Վար­դա­նեան, եր­կուքն ալ ու­նե­ւոր, միաս­նա­բար մար­դա­սիրա­կան, տնտե­սական զար­գա­ցման, զբօ­սաշրջա­յին, ար­հեստա­գիտա­կան ու ըն­կե­րային շուրջ տասը նա­խաձեռ­նութիւն իրա­գործած են, ինչպէս՝ Աւ­րո­րա մրցա­նակը, Ապա­գայ Հա­յաս­տանը, Դի­լիջան մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը … եւ FAST-ի Generation AI High School-ը (AI=Artificial intelligence)։

Բո­լոր այս հաս­տա­տու­թիւննե­րը նո­րահաս­տատ կա­ռոյցներ են, ծրա­գրե­րը եր­կա­րաժամ­կէտ եւ նիւ­թա­կան մեծ մի­ջոց­ներ պա­հան­ջող, ընդհանրա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ իրա­կանա­ցուող սփիւռքեան նա­խաձեռ­նութիւններ, դրա­մագ­լուխը՝ ամե­րիկեան եւ հա­զուա­դէպ պա­րագա­յի՝ ռու­սա­կան, որոնք հիմ­նա­կանին մէջ ու­նին ազ­գա­յին բարե­սի­րական նկա­րագիր, բա­ցա­ռու­թեամբ ARMATH-ի, որուն նա­խա­ձեռ­նո­ղը տե­ղական «Առա­ջա­տար Տեխ­նո­լիոգիանե­րի ձեռ­նարկու­թիւն­նե­րի միու­թիւն»-ն է, որ կը վա­յելէ Հայաս­տանի կա­ռավա­րու­թեան օժան­դա­կու­թիւնը, որով­հե­տեւ հան­րակրթա­կան բո­լոր դպրոց­նե­րուն կը վե­րաբե­րի։

FAST-ի պա­րագա­յին՝ նո­րու­թիւնն այն է որ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ֆրան­սան նե­րառուած է անոր Generation AI ծրա­գրի յա­ջողու­թեան հոլո­վոյթին մէջ։ FAST-ի հիմ­նա­դիր­նե­րը եւ նա­խաձեռ­նողնե­րը ֆրան­սա­հայու­թեան եւ եւ­րո­պահա­յու­թեան ալ ապաւինած են իրենց ծրա­գրի յա­ջողու­թեան հա­մար։ 

Նկա­տի ունենա­լով որ Generation AI High School-ը ուղղուած է աշա­կեր­տութեան, ար­դեօք կա­րելի՞ է զայն ակնկալել նաեւ Սփիւռքի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար, որոնց հայ­կա­կան ու­սումնա­կան ծրա­գիրը դժբախ­տա­բար կարիքը ունի բա­րելա­ւման եւ ար­հեստա­գիտա­կան գի­տու­թեան նե­րառ­ման, հա­յերէ­նի ու­սուցու­մը սահ­մանա­փա­կուած ըլ­լա­լով լե­զուա­կան, գրա­կան ու կրօ­նապատ­մա­կան նիւ­թե­րով։

Սփիւռք-Հա­յաս­տան գոր­ծակցու­թիւ­­նը հարթ չէ եղած. կան բազ­մա­թիւ յա­ջող նա­խաձեռ­նութիւններ, ինչպէս որ եղած են նաեւ բազ­մա­թիւ ձա­խող գոր­ծեր։ Մե­ծագոյն ձա­խողու­թիւնը կ՚առնչուի քա­ղաքա­կանին ու լե­զուամ­շա­կու­թա­յինին։ Քա­ղաքա­կանին ածան­ցուած է նաեւ Ար­ցա­խի կո­րստեան կա­պուած՝ կրթա­կան, ըն­կե­րային, կա­ռու­ցո­ղական ու տնտե­սա­­կան ներդրումային բոլոր նա­խաձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ 

Որ­քա­­նո՞վ ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւն, նո­­րարա­­րական ար­­հեստա­­գի­տու­­թիւն ու­­սա­­­նած նոր սե­­րունդը կրնայ ժա­­մանա­­կի քա­­ղաքակրթա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը դի­­մակա­­յել, սրբագ­­րե­­­լով ան­­ցեալի սխալ­նե­րը։ Հա­կառակ գի­տական ու ար­հեստա­գիտա­կան բո­լոր յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­ներուն, երկրա­գունդը ակա­նատես է ամէնէն քստմնե­լի ցե­ղաս­պա­նու­թեան, առանց որ քա­ղա­քա­կիրթ պե­տու­թիւն­ները իրենց մա­տը կա­րե­նան շար­ժել։ Ու­սու­մը առանց քննա­դա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան միշտ պիտի մնայ պա­կա­սա­ւոր։

 

Ժ.Չ.