Ռուսիան կը կարծէ, որ ռուս-հայկական դաշնակցային փոխգործակցութեան, այդ շարքին՝ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս, համադրելի իրական այլընտրանքներ չկան: Այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը՝ «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին։
Ռուսիան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման իր պարտաւորութիւններուն ինչպէս երկկողմ ձեւաչափով, այնպէս ալ ՀԱՊԿ գիծով։
Դեսպանի խօսքով, Մոսկուան կ՚ակնկալէ, որ Երեւանը գործուն կերպով կը միանայ Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան հաւասար եւ անբաժանելի համակարգի մշակման համատեղ ջանքերուն, որու գաղափարն առաջ քաշուած է նախագահ Փութինի կողմէ։
Խօսելով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու մասին՝ Քոփիրքինը նշած է, որ այդ «հեշտ գործընթաց չէ եւ ժամանակ կը պահանջէ», իսկ Մոսկուան պատրաստ է գործընկերներուն օգնութիւն տրամադրել կարգաւորման հարցով՝ հետեւելով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու տառին եւ ոգիին։ Նման աջակցութեան ձեւերն ու ծաւալները պէտք է ընտրեն բանակցող կողմերը, եզրափակած է ան։