Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան օրերս ընդունած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Վատիկանի ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Պոլիս։ Նորին Սրբազնութիւնը Վատիկանէն քաղաքս եկած է՝ մասնակցելու համար իր պարագաներէն մէկուն Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան։ Ան կեցութեան առիթէն օգտուելով փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Գումգաբուի մէջ ունեցան եղբայրական զրոյց մը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։
Հարկ է նշել, որ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վաղը հրաժեշտ պիտի առնէ քաղաքէս։