Գլխաւորութեամբ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդին ու նաեւ Կիպրոսի մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչին, օրերս պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Լիմասոլի քաղաքապետարան եւ շնորհաւորական այց մը տուած՝ նորընտիր քաղաքապետին։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։
Երեքշաբթի 5 Նոյեմբեր 2024֊ի առաւօտեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ․ Կոմիտաս Արք․ Օհանեան, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան, Լիմասոլի եւ Պաֆոսի Հոգեւոր Հովիւ Հոեշ․ Տ․ Յովհաննէս Ծ․ Վրդ․ Սաղտըճեան, Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Սեպուհ Արմենակեան պաշտօնական այցելութիւն տուին Լիմասոլի Քաղաքապետրան։ Անոնք դիմաւորուեցան նորընտրեալ՝ Քաղաքապետ Եաննիս Արմեֆտիսի եւ փոխ-քաղաքապետ Տիմոս Կաչիսի կողմէ։ Հայ Համայնքի անունով շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր փոխանցեցին Սրբազան Հայրը եւ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչը, կապուած Լիմասոլի Քաղաքապետարանին ազնիւ որոշումին, որու հիմամբ քաղաքապետարանը տարածք մը պիտի տրամադրէ զայն վերակոչելով «Հայկական Այգի»։ Երկու քաղաքապետերը նշեցին թէ Յոյները եւ Հայերը ունեցած են եւ ունին նոյն ճակատագիրը եւ նոյն հակառակորդը եւ թէ, Լիմասոլի Քաղաքապետարանի դուռը միշտ բաց է Հայ Համայնքին համար։