Օրերս, Հալէպի նահանգապետարանի խորհուրդի քարտուղար Ճորճ Պախխաշ այցելութիւն տուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Հալէպի նահանգապետարանի խորհուրդի քարտուղար տիար Ճորճ Պախխաշը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Ժագ Գազէզեան։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, պարոն Պախխաշ անդրադարձաւ նահանգապետարանէն ներս իր տարած գործունէութեան։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց պարոն Պախխաշը՝ իր աշխոյժ գործունէութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Նահանգապետարանի յառաջիկայ աշխատանքներուն։