image

Գերմանիոյ նախագահը ցրած է Ազգային Ժողովը (Պունտեսթագը)

Գերմանիոյ նախագահը ցրած է Ազգային Ժողովը (Պունտեսթագը)

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերը ցրած է Պունտեսթագը: Խորհրդարանական նոր ընտրութիւնները նշանակուած են փետրուար 23-ին։

Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 16-ին Պունտեսթագն անվստահութիւն յայտնած էր վարչապետ Օլաֆ Շոլցին: Պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը՝ 717-էն 394-ը, կողմ քուէարկած է անոր ղեկավարած կառավարութիւնը վստահութենէ զրկելուն, ուստի Գերմանիոյ մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կայացուին։