Հո՛ս է, որ «չյայտարարուած» Գ. համաշխարհային պատերազմը սկսաւ թեւածել քիչ մը ամէն տեղ, քանի որ Ամերիկան կը կարծէր միայնակ գլխաւորել աշխարհի ղեկավարութիւնը ու ՆԱԹՕ-ական տորմիղները, երբ ձեռնարկեց մէկէ աւելի շրջաններու մէջ նոր ակօսներ, ու խրամատներ փնտռելու ու գրգռելու արկածախնդրութեան, մանաւանդ այն մարզերէն ներս, ուր Ռուսիոյ դաշնութիւնը ներկայութիւն էր (հարաւային Կովկաս) եւ կամ Միջին Արեւելքը իրեն համար «խաղաղ» վայր մըն էր, ուր կային իրեն համար մե՜ծն ֆաշիստական ցանց մը եւ կարգ մը արաբական յեղյեղուկ երկիրներ, որոնք կրնային իր «ՎԱՌԱԾ» քաղաքականութեան հետ հաշտ առընչութիւններ ունենալ, կամայական թէ շահաբերական առումներով:
Մեր Դիտարկումով ու Դատումով
Աշխա՞րհը գազանացած է, թէ՞ մարդկութիւնը:
Ինքզինք պարտադրող հարցում, որովհետեւ՝ թէ՛ աշխարհը, թէ՛ ալ մարդկութիւնը ոչ միայն գազանացած են, այլեւ՝ այլանդակօրէն՝ խելագարուած:
Բոլոր կողմերուն ախորժակները այնքան խոր ու լայն են, որ կը սպասեն թէ ինչպէ՞ս կրնան հուպ տալ ու լլկլել դիմացինները, ամենէն վայրագ, ահագնագոյն ու բիրտ միջոցներով:
Առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմները չկշտացուցին վիշապները, իսկ «Պաղ պատերազմ»ը պարզապէս շինծու եւ արուեստական «զինադադար» մըն էր, նոր որոգայթներով ու նորագոյն դարձդարձիկութիւններով, զիրար յօշոտելու, ապակայունացնելու շրջապատը բազմատեսակ խաղքութիւններով, աշխարհը պառակտելու ու մարդկութիւնը ստրկացնելու գնով:
Խնդիրը այն է, որ ոչ միայն մեծապետական ու կայսերական երկիրները կը դիմէին ճնշողական եւ արկածախնդրական միջոցներու՝ քանդողական եւ այլամերժական քաղաքականութեամբ, այլեւ՝ իրենց ետին քարշ տալով նաեւ երբեմն խեղճուկրակ, ճղճիմ ու գունաւոր գաճաճ պետութիւններ, իսկ անոնք հաւատալով որ այդ «մեծ»երը կրնան դառնալ իրենց «փրկիչ»ները, վերածուեցան «պոչիկ»ներու չանդրադառնալով, որ նման անհեթեթութիւններով իրենց համար միայն աղէտներ կրնան ստեղծել:
Եւ այսպէս, «խաղաղութիւն»ը դարձաւ… առասպել, վերածուեցաւ… ցնորքի, չմնաց ոչ բարեկամութիւն եւ անկեղծութիւն, դաշնակցութիւն ու մտերմութիւն, ընկերութիւն ու հաւատարմութիւն, այլ՝ գերիշխեց միայն ու միայն.
- Ատելութիւն՝ իր սարսափելի սրութեամբ
- Թշնամութիւն՝ իր ահաւոր մագլցումներով
- Բռնութիւն՝ իր գազանային զարգացումներով
- Նենգամտութիւն՝ իր ստորին հետեւանքներով
- Բնաջնջութիւն՝ իր աղիտալի դրոշմներով
Զուր տեղը կարգ մը կողմեր միամտութիւնը ունեցան կարծելու կամ հաւատալու, որ աշխարհը կրնայ ընթանալ դէպի կայունութիւն, իսկ մարդկութիւնը՝ խելամտութիւն:
Մինչ սատանայական չարիքները ու թաթերը, օր-ցերեկով, սփռուեան գրեթէ ամէն ուղղութեամբ, զաւթողական ռազմաքաղաքականութիւն պարտադրելով՝ հոն ուր կրնային, այլապէս ալ դիմելով ամէն տեսակի չարագործութեանց, չարամտութեանց ու չարախօսութեանց, միայն հասնելու համար իրենց դժոխային նպատակներուն:
Այս է պատճառը, որ ամենուր կը տիրէ վերիվայրութեան վտանգաւոր տեղաշարժեր, ճակատումներու մնայուն գործընթացներ, բռնկումներու անդադար երեւոյթներ, որոնք բոլորն ալ կը գուժեն ու կը յուշեն. ԱՒԵՐՆԵՐ ու ՄԱՀԵՐ:
Իրաւունք ունին շատեր մտածելու, թէ այլեւս անիմաստ է աշխարհը հականեխելու որեւէ կարելիութեամբ ու միջոցառումով, քանի՝ չկան իսկակա՛ն ուղղամիտներ ու բարեպաշտներ, անաչաառներ ու փրկարարներ, որոնք կրնան (կամ ուժ ունին) պայքարելու այն կործանարարութեանց դէմ, որոնք համակուած են ջարդարարութեան, փճացութեան, ընչաքաղցութեան, արծաթասիրութեան գործարքներով:
Բոլոր այն լոզունգներն ու ճիգերը, որոնցմով փորձ կը կատարուի «լաւատեսական» ըլլալ կամ բարի ու կառուցողական դրոյթներով հանդէս գալ, միայն փուճ ու կեղծ, սին եւ անճիշդ շաղակրատութիւններ են, առանց ամուր հիմքի ու լուրջ տեսիլքի, որովհետեւ ատոնց մեծ մասը քաղաքական ու քարոզչական անլուրջ ու թեթեւսոլիկ վերաբերմունքներ են:
Արեւմտահայութիւնը ոչ միայն տեսաւ, այլ՝ ապրեցաւ այն դաժանութիւններն ու վայրագութիւնները, որոնք կիրարկուեցան իր դէմ, հողով թէ բնակչութեամբ փորձելով անճիտել իր գոյութիւնն ու էութիւնը, իսկ կարծրամիտ, անողոք եւ անգութ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ աշխարհը միայն դիտեց ու «վայելեց» նախճիրային ցեղասպանութիւնը, որ իր առջեւ պարզուեցաւ, իսկ «պոռնիկ» Եւրոպան կոկորդիլոսի արցունքներ իսկ չթափեց, պարզապէս անոր համար, որ Օսմանեան բռնազբօսիկ (չ)պետութիւնը իրեն համար շատ աւելի կարեւոր եւ անփոխարինելի էր:
Փաստօրէ՛ն, նոյն արիւնարբուներն են, որ այսօր կը տքնին շարունակել իրենց բռնաբարութիւններն ու պղծաբանութիւնները, ոտնակոխ ընելով այլոց իրաւունքները, սրբութիւնները, նուիրականութիւնները ու սեփականութիւնները, միշտ յանուն (՞) իրենց շահերուն ու հաշիւներուն, բայց, բարբառելով ու բարբաջելով խաղաղութեան կարգախօսներու անունով:
Այլեւս ի՞նչ իմաստ ու դեր ունին այն միջազգային կառոյցները (ՄԱԿ, Եւրոպական Միութիւն, Խորհուրդ, խորհրդարան կամ մարդու պաշտպանութեան հիմնարկութիւն), երբ ձեռնունայնութեամբ, անզօրութեամբ եւ ապիկարութեամբ վարակուած ու սրսկուած են, առանց կարենալու «մատ» շարժել, երբ իրենց աչքին առջեւ անիրաւութիւններ եւ անարդարութիւններ կուտակուած են, իսկ իրենք կը մնան «պատկեր»ներու դերակատարութեան մէջ:
Եթէ միջազգային խաղաղապահ եւ իրաւապահ հեղինակութիւնները պիտի չկարենան զսպել նախայարձակ ու բռնատիրական երկիրները, ալ ինչո՞ւ համար է անոնց ներկայութիւնը եւ ո՞ւր կ’արժեւորուին անոնց դերակատարութիւնները:
ՆԱԹՕն՝ այդ ԳԻՇԱՏԻՉ համաեւրոպական կեդրոնախումբը, իր անսահման եւ անզսպելի իրաւասութիւններով, ինչո՞ւ կը պահուի, որո՞ւն պաշտպանելու, որո՞ւն հալածելու եւ որո՞ւն ծառայելու, այնքան ատեն որ՝ «շան գլուխը» իր մօտ պահուած է եւ, զարմանալ թէ ոչ, ան անարգել կը գործէ, կը լկտիանայ ու կը լրբանայ, ոչ միայն իր ընդհանրացումով, այլեւ՝ նուաճելով ու գրպանելով այնպիսի աշխարհաքաղաքական գօտիներ, որոնք ԻՐԸ չեն, բայց, ինք եւ իր պարագլուխները լուռ ու մունջ, բրտօրէն եւ անսկզբունքօրէն կը յամենան իրենց ոլորապտոյտին մէջ:
Վերջին հաշուով, եթէ արդարախոհ հիմունքներով պիտի առաջնորդուին աշխարհն ու մարդկութիւնը, լա՛ւ, ուրեմն, ինչպէ՞ս պիտի բնորշուի կամ սահմանուի, որ ՆԱԹՕ մը, իր «կաթօ»ի ախորժակով մինչեւ ո՞ւր կրնայ երթալ եւ ո՞ւր հանգրուանիլ:
ՆԱԹՕի մաս կազմող խամաճիկ երկիրներու մեծամասնութիւնը, արդեօք ո՞ւր կը փնտռէ իր հեղինակութիւնը եւ ո՞ւր կը գտնէ իր մեծութիւնը, երբ չունի ո՛չ խօսք, ո՛չ իրաւունք, նոյնիսկ արժանապատուութիւն ազատօրէն հանդէս գալու, այնքան ատեն որ՝ իր դերը միայն «Yes man»ն է:
Եթէ Թուրքիոյ նման զաւթող պետութիւն մը իր գիրկին մէջ առած է, կը գգուէ ու կը շոյէ զայն, կը հովանաւորէ ու կը զօրակցի անոր, ալ պէտք է երեւակայել, թէ այս վայնասուն կազմակերպութիւնը ինչպիսի՜ հունի մէջ կը գտնուի ու տակաւին ո՞ւր կրնայ թառիլ ու «թռցնել» պետութիւններ ու ժողովուրդներ, եթէ չհնազանդին իր «օրէնքներուն ու ցուցմունքներուն», այլապէս կրնան ենթարկուիլ խիստ պատիժներու կամ դատապարտուիլ ամենէն ծանր ամբաստանութիւններու:
***
Մօտալուտ անցեալին, ամբողջ Արեւելեան Եւրոպան, ընդ հովանեաւ Խորհրդային Միութեան, տարանջատուեցաւ, անշուշտ, այդ քայքայումին պատճառը, եթէ մէկ կողմէն՝ արտաքին ուժերն էին, միւս կողմէն՝ ներքին ցեցերն էին, որոնք, այսպէս թէ այնպէս, բոլորն ալ զարկ տուին զայն անգոգնելու ու փետրաթափելու գործին:
Այդուհանդերձ, Ռուսաստանը մնաց իր ցարականութեան թէ՛ շրջագիծին, թէ՛ ուղեգիծին, թէ՛ պարունակին մէջ, հոգ չէ թէ նուազ ուժականութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, բայց, մնալով հզօրութեան եւ անառիկութեան սահմաններուն մէջ:
Հո՛ս է, որ «չյայտարարուած» Գ. համաշխարհային պատերազմը սկսաւ թեւածել քիչ մը ամէն տեղ, քանի որ Ամերիկան կը կարծէր միայնակ գլխաւորել աշխարհի ղեկավարութիւնը ու ՆԱԹՕ-ական տորմիղները, երբ ձեռնարկեց մէկէ աւելի շրջաններու մէջ նոր ակօսներ, ու խրամատներ փնտռելու ու գրգռելու արկածախնդրութեան, մանաւանդ այն մարզերէն ներս, ուր Ռուսիոյ դաշնութիւնը ներկայութիւն էր (հարաւային Կովկաս) եւ կամ Միջին Արեւելքը իրեն համար «խաղաղ» վայր մըն էր, ուր կային իրեն համար մե՜ծն ֆաշիստական ցանց մը եւ կարգ մը արաբական յեղյեղուկ երկիրներ, որոնք կրնային իր «ՎԱՌԱԾ» քաղաքականութեան հետ հաշտ առընչութիւններ ունենալ, կամայական թէ շահաբերական առումներով:
Ներկայ դրութեամբ եւ յատկապէս պաղեստինեան Կազայի պատերազմի բռնկումով, յայտնի է, որ երրորդ անգիր, բայց գործնական պատերազմը սկիզբ առած է, առանց սակայն մնալու այդ սահմաններէն ներս, այլ՝ հետզհետէ, լռելեայն թէ ոչ, տեսանելի թէ ոչ, տարածուելով այլ շրջաններ, որոնք անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ այդ պատերազմը ազդանշան մըն է… շարունակականութեան մը, տարածքային նոր բաժանումներով, սահմանային նոր գծումներով, ինչ որ ենթադրել ու հաստատել կու տայ, թէ «փակ քարտէս»ները արդէն սկսած են գծուիլ ու կամաց-կամաց կծիկները բացուիլ:
Անհանդուրժելի միամտութիւն պիտի ըլլար, պահ մը երեւակայելու, որ մեր հայրենիքը այդ փխրուն ծիրերէն դուրս կը գտնուի, երբ 2020 թուականին արդէն պարզուեցաւ, որ ան ինչպիսի դառն ճակատագիրի ենթարկոեւցաւ, որուն պատճառներէն էին ե՛ւ հայկական կողմը ե՛ւ շրջանային ուժերը, ատոնք ըլլան Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Իսրայէլը, Ռուսիան եւ առ հասարակ նոյն անբարոյ Արեւմուտքը, որոնք Ուքրանիոյ պատերազմը, ամէն մէկը իր «ակնոց»ով դիտեց ու դատեց, ստեղծելով անկանխատեսելի եւ անփառունակ խառնիճաղանչ մը:
Դժբախտաբար, հայկական կողմը (իմա՝ հայրենիքը) չափէն աւելի եւ աններելիօրէն կարճատես գտնուեցաւ (ու տակաւ կը գտնուի), չանդրադառնալու ու չխորաչափելու, թէ ո՞ր հորիզոնականներու վրայ պէտք է ուղղուի կամ շարժուի, որպէսզի «ցունամի»ական այս փոթորկող ալիքներէն դուրս գայ կամ չդառնայ անոր հերթական «զոհ»երէն մէկը, երբ իր դիմաց պիտի շարունակէ գտնել.
- Կեղծապատիր Արեւմուտքը
- Կողմնակալ Ամերիկան
- Հրէշածին ՆԱԹՕն
- Լարախաղաց Թուրքիան
- Արուեստական Ատրպէյճանը
- Խափանարար Իսրայէլը
Այս ընդգծումները եւ արձանագրութիւնները, որոնք բոլորն ալ հիմնուած են մեկնաբանութիւններու ու քննարկումներու շրջագիծերէն ներս, դիտորդները ու հետեւորդները կ’առաջնորդեն այնպիսի եզրակացութիւններու, որոնք իրենց ընդհանրութեան մէջ, կրնան ուռուցիկ նկատուիլ, բայց, իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր, սպասելով մօտակայ զարգացումներուն…:
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)