image

Կլենտէյլ. Կայացաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի (ՀԱՀԽ) ժողովը

Կլենտէյլ. Կայացաւ Հայ Աւետարանական  Համաշխարհային Խորհուրդի (ՀԱՀԽ) ժողովը

Հայ Աւետարանական  Համաշխարհային Խորհուրդի (ՀԱՀԽ) անդամներ օրերս մէկտեղուած  եւ ժողով մը գումարած են Կլենտէյլի  մէջ՝  Քալիֆորնիա։

Նշենք, որ սոյն ժողովը տեղի ունեցած է ԱՀԱԸ-ի 106-րդ Տարեկան Ժողովին ընդառաջ,  որ ընթացք պիտի առնէ 18  Հոկտեմբերի, նոյն վայրին մէջ՝ «Նազովրեցի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ» դահլիճին մէջ։

Մեր ընթերցողներուն  յիշեցնենք, որ Հայ Աւետարանական  Համաշխարհային Խորհուրդի Վարչութիւնը կազմուած է ներկայացուցիչներէ՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն , Ֆրանսայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, Հայաստանի եւ Եւրասիայի Հայ Աւետարանական Միութիւններէն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական  Միութեան (եւ Փիլիպոսեան Հիմնարկութեան  անդամ  անձնաւորութիւններէ եւ կրօնաւոր գործիչներէ։