Լիբանան- Սայտա քաղաքի «Այն Էլ Հըլուէ» պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ ՖԱԹՀ շարժումի երեւելի պատասխանատուներէն մէկը սպաննուած է: Անծանօթ զինեալներ կրակ բացած են Ապու Թալալ Ալ Օրտոնի անունով ՖԱԹՀ-ի պատասխանատուին վրայ ու տեղն ու տեղը սպաննած զինք: Գաղթակայանին մէջ կը տիրէ սուր լարուածութիւն: Նշենք, որ ՖԱԹՀ կը կը համարուի ՊԱԿ-ի (PLO) զինուորական թեւը: Խմբաւորումը իր ցուցմունքները կը ստանայ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասէն: Գաղթակայանին մէջ կը գործեն «Ճիհատ Իսլամի» եւ «Համաս» շարժումի ջոկատներ: