Օրերս Նիւ Եորքի Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ.Անուշաւան արքեպիսկոպոս ընդունեց «Ճինիշեան» հիմնադրամի գլխաւոր գործադիր տնօրէն՝ տիկ. Էլիզա Մինասեանը, ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Քրիստինէ Դանիէլեանին:
Եղելութեան մասին իմացանք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած տեղեկութիւնը՝
Երեքշաբթի, 3 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց տիկ. Էլիզա Մինասեանը՝ «Ճինիշեան» հիմնադրամի գլխաւոր գործադիր տնօրէն, որուն կ՚ընկերակցէր տիկ. Քրիստինէ Դանիէլեանը՝ նոյն հիմնադրամի Լիբանանի տնօրէն։ Այցելութեան ընթացքին, քննարկուեցաւ հիմնադրամի բարեսիրական գործունէութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։