Օրերս, Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունած է Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի եւ այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքահայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը ամբողջութեամբ։
Մայիս 6ի առաւօտուն, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ կրօններու Աւանդապահութեան Դիւանի նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը և Աւանդապահութեան այլ պատասխանատուներ։
Ողջոյնի եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք` հիւրերը առաջնորդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի ուր ժամանակէ մը ի վեր կը կատարուին հիմնաւոր նորոգութիւններ։
Հանդիպման ներկայ եղան պրոնայք Կարապետ Գալուստեանը եւ Վարդան Մոնճողլեանը։