Պոլսոյ «Լոյս» մետիայի սեփականատէր Արամ Գուրան, որ նախագահ Էրտողանի կողմէ նշանակուած է նախագահականին կից մշակոյթի ու արուեստի քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ, ի պաշտօնէ, օրերս այցելած է Հայկական Հիմնադրամներու Միութեան՝ ԷՐՎԱՊ-ի պատասխանատուներուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ինչպէս ծանօթ է, «Լոյս» մետիայի սեփականատէր Արամ Գուրան, Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի կողմէ նշանակուած է նախագահականին կից մշակոյթի ու արուեստի քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ։ Գուրան՝ իր այս պաշտօնով, երէկ, 28 Ապրիլին, այցելեց Հայկական Հիմնադրամներու Միութեան՝ ԷՐՎԱՊ-ի պատասխանատուներուն։ Հանդիպումը կայացաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ, ԷՐՎԱՊ-ի Նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի աշխատասենեակին մէջ։ Ներկայ էին նաեւ ԷՐՎԱՊ-ի ատենադպիր Լեւոն Գուզիքօղլու եւ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան անդամ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հանդիպման ընթացքին Արամ Գուրան տեղեկութիւններ յայտնեց իր աշխատանքի մասին նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց ԷՐՎԱՊի դերի վրայ՝ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու գործին մէջ։ Գուրան շեշտեց մշակութային բազմազանութիւնը արուեստի քաղաքականութեան մէջ ցոլացնելու կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Պր. Պետրոս Շիրինօղլու գոհունակութիւն յայտնեց Գուրանի նշանակման եւ գործունէութեան մասին։ Ան նոյնպէս անդրադարձաւ մշակութային ու գեղարուեստական այն ժառանգութեան, զոր հայ համայնքը ստեղծած է այս հողերուն վրայ։