image

Եթէ ես նախագահ չընտրուէի, Փութինն ամբողջ Ուքրանիան գրաւած կ՚ըլլար. Թրամփ

Եթէ ես նախագահ չընտրուէի, Փութինն ամբողջ Ուքրանիան գրաւած կ՚ըլլար. Թրամփ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ABC-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ իր շնորհիւ է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պատրաստ է դադրեցնելու մարտերն Ուքրանիոյ մէջ։ Անոր պնդմամբ՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութիւնը սկսած է Ճօ Պայտընի նախագահութեան պատճառով։

Միեւնոյն ժամանակ, Թրամփ չէ բացառած, որ խաղաղութեան կնքման հարցով Փութինը կրնայ այսպէս ըսած «քիչ մը խաղալ իր հետ»:

«Ան կրնար քիչ մը խառնել իմ գլուխը: Բայց կը կարծեմ՝ ան կ՚ուզէ դադրեցնել պատերազմը: Եթէ ես չըլլայի, կը կարծեմ, որ ան կը ցանկար տիրել ամբողջ երկրին: Կը կարծում եմ՝ Փութինը կ՚ուզէր ամբողջ Ուքրանիան, եւ եթէ ես չյաղթէի ընտրութիւններուն, ան ամբողջ Ուքրանիան գրաւած կ՚ըլլար: Ես հաւատացած եմ, որ իմ պատճառով է, որ ան պատրաստ է դադրեցնելու կռիւը», -ըսած է ԱՄՆ նախագահը: