Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի տարեկան «Կալա»ն տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Մարտ 2026ին, Լոս Անճելըսի The Landmark սրահին մէջ, 10635 Woodman Ave, Mission Hills, CA 91345։
Զուգադիպելով Միջազգային կանանց տօնին ամսուան՝ այս տարուան ձեռնարկը կը յատկանշուի՝ «Ոգեւորէ՛ Բարեփոխութիւն. Կերտէ՛ Ապագան» կարգախօսով։ Ձեռնարկը պիտի ըլլայ կանանց ղեկավարութեան եւ հաւաքական տոկունութեան տօնախմբութիւն մը, որ նոյն ատեն պիտի ծառայէ իբրեւ միութեանս նորաստեղծ հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութիւններու հիմնադրամին մեկնարկը՝ նախաձեռնութիւն մը, որ նախատեսուած է կենսական ծրագիրները շարունակելու համար։ Այս ծրագիրները կը նպաստեն անապահով անհատներու եւ կ՛ամրապնդեն տարբեր սերունդներու պատկանող հայ ընտանիքները։
Այս ձեռնարկին միջոցով ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կը ձգտի հզօրացնել եւ ընդարձակել գաղութային մարդասիրական ծրագիրներ, շարունակելով իր դարաւոր նուիրումը կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ծառայութիւններուն։ Ձեռնարկը նաեւ կը ձգտի խրախուսել եւ ուժ տալ նոր կամաւորները, որպէսզի անոնց մէջ ծառայութեան ոգին ծաղկի եւ ՀՕՄը շարունակէ յառաջդիմել եկող տասնամեակներուն ընթացքին։
«Հայ Օգնութեան Միութիւնը միշտ եղած է մեր գաղութներուն մարդասիրական եւ ընկերային կարիքներու կողքին», ըսաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթինա Ամիրեան Խանճեան՝ աւելցնելով. «Այս տարուան ձեռնարկին թեման՝ «Ոգեւորէ՛ Բարեփոխութիւն. Կերտէ՛ Ապագան», մեր շրջանի գաղութներուն տեւական զարգացման կայուն պայմաններ ստեղծելու համար է»։
Այս երեկոյին ընթացքին, գաղութիս ղեկավարները, բարերարները եւ նուիրատուները աւելի պայծառ ապագայի մը ու ծառայութեան վրայ հիմնուած տեսլականին շուրջ պիտի համախմբուին։
Տոմսերու սակը 200 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու, սեղաններու եւ տոմսերու ապահովման կամ հովանաւորութեան համար հաճեցէք այցելել arswestusa կայքը, դիմել office@arswestusa.org ելեկտրոնային նամակի հասցէին, կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին։
Միասնաբա՛ր կը կատարենք բարեփոխութիւններ։ Միասնաբա՛ր կը կերտենք մեր ապագան։
Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար։