Առաջիկայ տարուան ընթացքին կը նախատեսուի Հայաստան-Իրան սահմանն ամբողջութեամբ վերազինել նոր սարքաւորումներով։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Էդուարդ Յակոբեանը։
Յակոբեանն այս հարցը քննարկած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամիի հետ հանդիպման ժամանակ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ միջսահմանային առեւտրային հոսքերու դիւրացմանն ուղղուած համագործակցութեան շարք մը կարեւոր ուղղութիւններ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ լիազօրուած տնտեսական կառոյցներու փոխադարձ ճանաչման նպատակայարմարութեան եւ այդ ծրագրի իրականացմանն ուղղուած քայլերուն։
Զրոյցի ընթացքին Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահը նշած է, որ իրականացուած բարեփոխումներու շնորհիւ արձանագրուած են բեռնատարներու օրական միջին թողունակութեան էական ցուցանիշեր, ինչպէս նաեւ փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններու շնորհիւ զգալիօրէն աւելցած են Հայաստանի Հանրապետութիւն–Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները։