«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ երկար տարիներ Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ, հասարակական գործիչ՝ Հուրի Ապահունին։
-Գիտենք, որ վերջին հինգ տարիներուն դուք անդամ էիք Հալէպի Նահանգային խորհուրդին, ինչո՞վ կը կարեւորուէր ձեր աշխատանքային շրջանը:
Նախ նշեմ, որ Նահանգային խորհուրդի անդամ դարձած եմ 2007-էն սկսեալ։ 2007-ին մասնակցեցայ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն ՝ ազգային յառաջդիմական ճակատի ցանկով եւ անդամ եղայ Հալէպի նահանգապետական մարմնին: 2011-ին, դարձեալ մասնակցեցայ ընտրութիւններուն եւ վերստին ընտրուեցայ: 2012-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 2018-ը անդամ էի նահանգապետարանի գործադիր մարմնին,որ Հալէպ նահանգի պարագային կը բաղկանայ 10 անդամներէ։
Որպէս գործադիր մարմնի անդամ,պատասխանատու էի՝ զբօսաշրջութեան, հնութիւններու, թանգարաններու, հաղորդակցութեան, ընկերային ապահովագրութեան եւ կենսոլորտի Տնօրէնութիւններու, ինչպէս նաեւ կը գլխաւորէի որոշ յանձնախումբեր, որոնք կը զբաղէին հին Հալէպի վերանորոգման աշխատանքներով։
Հալէպի պատերազմի փոթորկալից օրերուն, երբ օրական տասնեակ հրթիռներ կը տեղային Հալէպի վրայ, փորձեցի միշտ նեցուկ կանգնիլ մեր սիրելի ժողովուրդին եւ կարողութեանս սահմաններուն մէջ օժանդակել բոլորին: Անշուշտ երբ Հալէպը ազատագրուեցաւ 2016-ին, նահանգապետարանի գործերը նոր բնոյթ ստացան եւ սկսանք վերակառուցման աշխատանքներուն։
-Ներկայիս ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպ նահանգի իրավիճակը: Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ Սուրիան եւ դուք լաւատե՞ս էք Սուրիոյ եւ Հալէպի ապագայով:
Սուրիան, վերջին տարիներուն, արձանագրեց մեծ բարգաւաճումներ, զանազան ասպարէզներու մէջ, որ վտանգ համարուեցաւ որոշ պետութիւններու կողմէ։ Այդ պատճառով, երկիրը ենթարկուեցաւ ահաւոր պատերազմի, որու նպատակն էր քանդել Սուրիան։
Հալէպ քաղաքը, որ կը համարուէր Սուրիոյ երկրորդ մայրաքաղաքը եւ նշանաւոր էր իր հնութիւններով, գործարաններով, ճարտարարուեստով եւ զբօսաշրջութեան վայրերով, թիրախ դարձաւ թրքական ոխերիմ քաղաքականութեան։ Հալէպի գործարանները գողցուեցան, շուկաները թալանուեցան եւ քանդուեցան, ինչպէս նաեւ հին Հալէպի զանազան շրջանները ենթարկուեցան ծրագրեալ քանդումի:
Այսօր, տակաւին Սուրիոյ պատերազմը իր աւարտին չէ հասած, եւ որոշ շրջաններու մէջ տակաւին կը տիրէ պատերազմական իրավիճակ։ Համոզուած եմ, որ Սուրիոյ պատերազմի աւարտին սեմին ենք։ Յոյսով եմ, որ մօտ օրէն յաղթանակի ծիածանը պիտի զարդարէ Սուրիոյ երկնակամարը։ Սուրիան ոչ միայն պիտի վերակառուցուի, այլ պիտի ընդարձակուի եւ պիտի դառնայ Միջին Արեւելքի ամէնէն կարեւոր երկիրը։
-Տարբեր տեղեկութիւններ կը շրջանառուին հալէպահայութեան թիւի նուազումի մասին, դուք որպէս հալէպահայ գործիչ, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս լուրերը եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի հայութեան ապագան:
Ես լաւատես եմ Սուրիոյ ապագայով, որովհետեւ այն ժողովուրդը, որ կրցաւ դիմանալ այս ահաւոր պատերազմին եւ երբեք իր հաւատքը չկորսնցուց իր նախագահին եւ բանակին հանդէպ, անպայման որ պիտի կարենայ վերականգնել իր հայրենիքը, պայմանաւ, որ իր գաղթած զաւակները վերադառնան հայրենիք։
Պատերազմի պատճառով գաղթողներուն կարգին դժբախտաբար կային նաեւ հայեր։ Իմ փափաքս է, որ ճակատագրական այս շրջանին, գաղթականի ցուպը մէկդի նետած՝ Սուրիոյ զաւակները դառնան հայրենիք, եւ իրենց ձեռքերով ու յամառ աշխատանքով կառուցեն զայն։ Մենք որպէս սուրիահայեր, պէտք է լրջօրէն աշխատինք եւ միասնական ճիգերով փորձենք վերակենդանացնել Հալէպի հայ գաղութը, որովհետեւ այս գաղութը կորիզն էր՝ սփիւռքի համայն հայութեան ու այդպէս ալ պիտի շարունակէ մնալ ։
-Պատերազմէն վերջ յայտարարուած էր, որ վերականգնումի շրջան պիտի սկսի Հալէպի մէջ, Ձեր տուեալներով, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ այդ վերականգնման աշխատանքներուն մասին, ի՞նչ ընթացքի մէջ է այդ գործը այսօր:
Ամենայն ճշմարտութեամբ կրնամ հաստատել, որ Հալէպ քաղաքի մէջ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին տեղի ունեցան զանազան բարեփոխութիւններ։ Ժրաջան աշխատանքի շնորհիւ, Հալէպը կրցաւ շուտով փառատել պատերազմի սեւ ու մութ ամպերը։ Ես լաւատես եմ, որ քիչ ժամանակ ետք, մեր բոլորին սիրելի Հալէպը պիտի վերագրաւէ իր նախկին դիրքը՝ որպէս Սուրիոյ տնտեսական, վաճառականական եւ արուեստի մայրաքաղաք։ Հալէպի ժողովուրդը աշխատասէր ու կեանքը սիրող ժողովուրդ է, եւ երբեք յուսահատիլ չի գիտեր։ Իսկ Սուրիոյ կառավարութիւնը ջանք չի խնայեր վերականգնումի արագ աշխատանքներու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս հին Հալէպի պարագային։
-Ի՞նչ կը յիշէք պատերազմի ընթացքին եղած դէպքերէն, որ ձեզի համար ազդեցիկ էր եւ որ մինչեւ այսօր կը յուզէ ձեզ:
Հալէպի ժողովուրդը պատերազմի շրջանին ապրեցաւ շատ ցաւալի ու դժնդակ օրեր։ Ամէն օր եղած հրթիռներու եւ յարձակումներու պատճառով կ՚ունենայինք նոր նահատակներ: 2014-ին, Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահը, որոշ գումար մը յատկացուց Հալէպին, որմէ պիտի օգտուէին նահատակներու եւ վիրաւորներու ընտանիքները։ Այդ պատճառով այցելութիւններ կատարեցինք անոնց, մխիթարելու եւ օժանդակելու նպատակով։ Շատ ցաւալի պահեր էին բոլորիս համար։ Երբեք չեմ մոռնար, երբ օր մը նահանգապետին եւ ոստիկանապետին հետ այցելեցինք հայ ընտանիքի մը, որուն հայրը հրթիռի մը պատճառով կորսնցուցած էր իր երկու ոտքերը։ Այդ հայը նշանաւոր արհեստաւոր էր: Երբ մեզ տեսաւ, վճռական ձայնով ըսաւ.- «ճիշդ է, որ ես երկու ոտքերս կորսնցուցի, բայց Սուրիան աւելին կ'արժէ»: Իրականութեան մէջ պահը շատ յուզիչ ու տպաւորիչ էր։ Բայց ինծի համար միայն յուզումի պահ չէր՝ այլ հպարտանքի, որովհետեւ այս հայորդին տիպարն էր հաւատարիմ քաղաքացիին։
-Ի՞նչ ունիք ըսելիք այն հալէպահայերուն, որոնք պատերազմի պատճառով ստիպուած եղան լքել իրենց ծննդավայրը եւ հեռանալ դէպի շրջակայ երկիրներ եւ նոյնիսկ հեռաւոր Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ։
Անդրադառնալով պատերազմի պատճառով օտար ափերու վրայ գտնուող հալէպահայերու հարցին, կ'ուզեմ հաստատել, թէ հայ ժողովուրդը աշխատասէր, հաւատարիմ եւ երախտապարտ ժողովուրդ է, ինչ որ լաւագոյն ձեւով դրսեւորուեցաւ սուրիական դաժան պատերազմի օրերուն։ Սուրիոյ պետութիւնը միշտ ալ բարձր գնահատած ու արժեւորած է այս երեւոյթը։ Այսօր պատեհ առիթն է կրկին եւս հաստատելու մեր նախահայրերէն աւանդ մնացած բարոյական մեր վսեմ արժանիքները։ Համախմբուած՝ պէտք է մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնենք եւ մեր գործօն մասնակցութիւնը բերենք սուրիական հայրենիքին վերաշինութեան աշխատանքներուն։