Թուրքիոյ նախագահը նկարը տեղադրած է եւ հարցուցած, թէ արդեօք քաղաքացիները տեղեա՞կ են դիմանկարի պատմութեան։
Նկարի տակ Թուրքիոյ նախագահը փորձած է Քազիմ Քարապէքիր փաշան մարդասէր եւ երեխայ սիրող ներկայացնել եւ շեշտած է, որ այդ դիմանկարը որբ երեխաները նուիրած են իրենց խնամակալութիւնն ստանձնած Քարաոէքիր փաշային։
Մեր կողմէ աւելցնենք, որ նշուած դիմանկարի տակ գրուած է, որ այն նուէր է Տրապիզոնի հայ որբերու կողմէ «որբերու հայր» Քազիմ Քարապէքիրին։
Այսինքն, Էրտողանը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով որբ մնացած հայ երեխաները կ'օգտագործէ Քարապէքիրը մարդասէր ներկայացնելու համար։