Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները դեռ համաձայնութեան չեն եկած միջուկային համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլի վայրի եւ ժամանակի վերաբերեալ, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղայի։ Այս մասին հաղորդած է Tasnim գործակալութիւնը։
Բանակցութիւններու վերսկսման յստակ ժամանակ կամ վայր դեռ յայտնի չէ»,- նշած է Պաղայի։
Պաշտօնեան անդրադարձած է նաեւ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններուն միջնորդի փոփոխութեան եւ Չինաստանի կամ Նորվեկիոյ` որպէս նոր միջնորդներու ընտրութեան մասին տեղեկութիւններուն:
«Դուք բազմիցս լսած էք նման լուրեր եւ դեռ պիտի լսէք։ Անոնք ոչ այլ ինչ են, քան ենթադրութիւն, եւ չեն կրնար հաստատուիլ», - ըսած է Պաղայի։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները դիւանագիտական գործընթացի ընթացքին կոպտօրէն խախտած է միջազգային իրաւունքը՝ յարձակելով Իրանի միջուկային կառոյցներուն վրայ:
«Ասիկա միջազգային մակարդակով յանցաւոր եւ անօրինական գործողութիւն է, եւ երկիրը պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ անոր համար», - ըսած է ան:
Դիւանագէտի խօսքով՝ Իրան «չի վերադառնար բանակցութիւններու սեղանին շուրջ», մինչեւ «չհամոզուի, որ դիւանագիտական ջանքերն ու բանակցային գործընթացը արդիւնաւէտ են»։
Նշենք, որ ապրիլ 2025-էն ի վեր Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ Օմանի միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւններ կայացուցած են Թեհրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու համար։ Երկու երկրի պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու վեցերորդ փուլը նախատեսուած էր 15 յունիսին Մասքաթի մէջ, սակայն Իսրայէլի կողմէ Իրանի վրայ յարձակումէն յետոյ բանակցութիւնները չեղեալ համարուած են։