image

Էրտողան եւ Ղարիպաշվիլի քննարկած են Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շահագործումը

Էրտողան եւ Ղարիպաշվիլի քննարկած են Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շահագործումը

Նիւ Եորքի մէջ կայացած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հանդիպումը, յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Էրտողան հանդիպման ժամանակ նշած է «Միջին միջանցքի» իրագործման կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի լիարժէք շահագործումը շուտափոյթ կը սկսի։

Ան նաեւ նշած է Վրաստանի մէջ FETÖ-ի (Կիւլէնական - խմբ.) դպրոցներու փակման եւ ատոնց աւանդներու սառեցման կարեւորութիւնը եւ բարձր գնահատած է վրացական վարչակազմի քայլերն այս ուղղութեամբ։