Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը կը ձգտի պատասխանատուութեան ենթարկել Իսրայէլը Կազայի հատուածին մէջ կատարած յանցագործութիւններուն համար եւ թոյլ պիտի չի տայ, որ ան «հրկիզէ տարածաշրջանը»։
«Մենք կը դիմադրենք տարածաշրջանը հրկիզելու Իսրայէլի փորձերուն: Իսրայէլ, որ ցեղասպանութիւն կ'իրագործէ Կազայի մէջ, պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի», - ըսած է Էրտողան «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան հիմնադրման արարողութեան ժամանակ, հաղորդած է ԹԱՍՍ։
Էրտողան նաեւ ըսած է, որ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս հինգշաբթի ելոյթ պիտի ունենայ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։ Հանրապետութեան օրէնսդիր ժողովը այս օր կը գումարէ արտահերթ ժողով՝ ի պաշտպանութիւն Պաղեստինի։ «Ապպաս այսօր մեր հիւրը պիտի ըլլայ, իսկ վաղը ան ելոյթ պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ:
Ան աշխարհին պիտի յայտարարէ Պաղեստինի ազատութեան համար պայքարի մասին: Մենք ամբողջ աշխարհին ցոյց պիտի տանք, որ Ապպաս մեր խորհրդարանին մէջ խօսելու նոյն իրաւունքն ունի, ինչպէս [Իսրայէլի վարչապետ] Բենիամին Նաթանիահուն կ'ընէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։