Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը մօտ ժամանակներս պիտի այցելէ Սուրիա։
Այս մասին Եգիպտոսէն վերադառնալէն ետք լրագրողներուն տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
«Մենք անոնց (Սուրիոյ նոր վարչակազմին) մինակ չենք ձգեր։
Շուտով այնտեղ պիտի երթայ նաեւ մեր արտաքին գործոց նախարարը։ Անոնք միասին նոր համակարգ պիտի կառուցեն»,-ըսած է Էրտողանը։