Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը մեղադրած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը փախուստի համար՝ Սուրիան թողելով աւերակներու մէջ։
Աւելի վաղ պետական հեռուստատեսութիւնը գրաւած Սուրիոյ զինուած ընդդիմութեան ներկայացուցիչները եթեր դուրս եկած էին՝ պնդելով, որ իրենք վերահսկողութիւն հաստատած են երկրի վրայ։ Սուրիոյ վարչապետ Մուհամետ Ղազի Ճալալին ըսած է, որ ինքը կը մնայ երկրին մէջ քանի մը նախարարներու հետ, բայց իրենք չեն գիտեր, թէ ուր է պաշտպանութեան նախարարը։ Վարչապետը նաեւ ըսած է, որ կապ հաստատած է զինուած ընդդիմութեան ղեկավարութեան հետ։
Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն աւելի ուշ յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը սուրիական հակամարտութեան շարք մը մասնակիցներու հետ բանակցութիւններէն ետք որոշած է հրաժարական տալ եւ լքել Սուրիան՝ ցուցումներ տալով խաղաղ ճանապարհով փոխանցելու իշխանութիւնը, մինչդեռ Ռուսիան չէ մասնակցած բանակցութիւններուն։
«Ասատը փախեր է Սուրիայէն՝ թողելով բազմաթիւ քաղաքներ աւերակներու մէջ: Մենք հանդէս եկած ենք խաղաղութեան, ազատութեան, երկխօսութեան, արդարութեան եւ շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորման օգտին Սուրիոյ մէջ, հակառակ տապալած ռեժիմի թշնամական վերաբերմունքին, մենք պիտի պաշտպանենք Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միասնական կառուցուածքը, մենք երբեք չենք վարանած բարձրացնել մեր ձայնը անարդար, անօրինական, ճնշումներու եւ հալածանքներու դէմ»,-ըսած է Էրտողանը։