Արժանթինահայ գործարար, բարերար Էտուարտօ Էռնեկեան Հայաստանի տնտեսութեան ամենախոշոր ու յաջողակ ներդրողներէն է, եւ կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակել արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Գործարարին հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Այդ մասին «Հայ Ձայն»ը տեղեկացած է կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Կառավարութեան հասարակայնութեան ու տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ, Կարէն Կարապետեան եւ Էտուարտօ Էռնեկեան մտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ համատեղ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքի, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ նոր նախագիծերու հեռանկարներու շուրջ:
Զրուցակիցները, մասնաւորապէս, քննարկած են Արմաւիրի մարզին մէջ արեւային ելեկտրակայանի, Մեղրիի հիտրօ-ելեկտրակայանի կառուցման, Երեւանի «Զուարթնոց» եւ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ զբօսաշրջութեան խթանման, Արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին շէնքի ներդրումային ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր։
Վարչապետը ներկայացուցած է Հայաստանի եւ տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերն ու նաեւ տեղեկացուցած, որ կառավարութիւնը կը ստեղծէ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն, որ պիտի ծառայէ որպէս հարթակ պետութիւն-սեփական հատուած համագործակցութեան ներքոյ համատեղ ծրագիրներու կեանքի կոչման համար:
Կարէն Կարապետեան նշած է, որ կառավարութիւնը կը կարեւորէ ներդրողներու, գործարարներու հետ մշտական հետադարձ կապն ու բաց է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը քննարկելու եւ հարմարաւէտ բիզնես միջավայր ձեւաւորելու համար:
Ըստ աղբիւրին, ողջունելով կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումները՝ պարոն Էռնեկեան նշած է, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը, եւ միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր ներկայացուցիչին միջոցով ներգրաւուելու Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի աշխատանքներուն մէջ: