image

Երկրորդ երեխայի ծնելու պարագային 3 անգամ աւելի՝ 150 հազար դրամ նպաստ պիտի տրուի․ նախագիծը պիտի ընդունուի յաջորդ շաբաթ

Երկրորդ երեխայի ծնելու պարագային 3 անգամ աւելի՝ 150 հազար դրամ նպաստ պիտի տրուի․ նախագիծը պիտի ընդունուի յաջորդ շաբաթ

1 Հոկտեմբերի 2018-ին կամ անկէ ետք ընտանիքին մէջ ծնած երկրորդ երեխայի ծննդեան կապակցութեամբ տրուող նպաստի չափը պիտի աւելնայ 3 անգամ` ներկայիս 50 հազար դրամի փոխարէն նպաստի չափը պիտի կազմէ 150 000 դրամ: Ասոր վերաբերեալ որոշումն այսօր հաւանութեան արժանացաւ կառավարութեան նիստին։ Սակայն ընդունումը յետաձգուեցաւ մինչեւ միւս շաբաթ՝ զոյգ երեխաներու վերաբերեալ լրամշակում ընելու համար։

Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝ 2014-2016 թուականներուն երկու կարգաթիւ ունեցող նոր ծնած երեխայի թիւը հետեւեալն է` 16 051, 15 850, 15 032: 2018 թուականի 2-րդ կիսամեակին երկու կարգաթիւ ունեցող նոր ծնած երեխաներու թիւը կանխատեսուած է 7500:

Համաձայն ներկայիս գործող կարգին՝ առաջին եւ երկրորդ երեխաներու ծննդեան պարագային երեխայի ծննդեան նպաստի չափը կը կազմէր 50 հազար դրամ, երրորդ կամ չորրորդ երեխան ծնելու պարագային` մէկ միլիոն դրամ, հինգերորդ եւ իւրաքանչիւր յաջորդ երեխայի ծնելու պարագային` մէկ միլիոն հինգ հարիւր հազար դրամ:

Եթէ յաջորդ նիստին կառավարութիւնը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը եւ ընդունի նոր կարգը, ապա երկրորդ երեխայի համար տրուող նպաստը հոկտեմբերէն պիտի եռապատկուի։