1 Հոկտեմբերի 2018-ին կամ անկէ ետք ընտանիքին մէջ ծնած երկրորդ երեխայի ծննդեան կապակցութեամբ տրուող նպաստի չափը պիտի աւելնայ 3 անգամ` ներկայիս 50 հազար դրամի փոխարէն նպաստի չափը պիտի կազմէ 150 000 դրամ: Ասոր վերաբերեալ որոշումն այսօր հաւանութեան արժանացաւ կառավարութեան նիստին։ Սակայն ընդունումը յետաձգուեցաւ մինչեւ միւս շաբաթ՝ զոյգ երեխաներու վերաբերեալ լրամշակում ընելու համար։
Համաձայն ներկայիս գործող կարգին՝ առաջին եւ երկրորդ երեխաներու ծննդեան պարագային երեխայի ծննդեան նպաստի չափը կը կազմէր 50 հազար դրամ, երրորդ կամ չորրորդ երեխան ծնելու պարագային` մէկ միլիոն դրամ, հինգերորդ եւ իւրաքանչիւր յաջորդ երեխայի ծնելու պարագային` մէկ միլիոն հինգ հարիւր հազար դրամ:
Եթէ յաջորդ նիստին կառավարութիւնը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը եւ ընդունի նոր կարգը, ապա երկրորդ երեխայի համար տրուող նպաստը հոկտեմբերէն պիտի եռապատկուի։