Անոր խօսքով՝ Հայաստանը պէտք է ճիշդ եզրակացութիւններ ընէ պատերազմի արդիւնքներէն եւ, անկէ ելլելով, կառուցէ իր յարաբերութիւններն այնպիսի գործընկերոջ հետ, ինչպիսին Ռուսաստանն է:
«Արեւմուտքը, որ, ըստ տրամաբանութեան, պէտք է մասայական աջակցութիւն ցուցաբերէր ժողովրդավարական Հայաստանին, ընդհանրապէս կրաւորական էր: Այդ չարտայայտուեցաւ ո՛չ պատերազմի ժամանակ, ո՛չ ալ հիմա (օրինակ՝ 2 միլիառ տոլարի կամ եւրոյի չափով օգնութեան տեսքով տնտեսութեան խթանման համար)»,-ըսած է ան:
Փորձագէտը նպատակայարմար կը համարէ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու իրականացումը եւ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական վստահութեան ձեւաւորումը (Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ):