image

Քուէյթ յայտնած է իր դէմ Իրանի կողմէ 13 հրթիռ արձակուելու մասին

Քուէյթ յայտնած է իր դէմ Իրանի կողմէ 13 հրթիռ արձակուելու մասին

 

Քուէյթի զինուորականները յայտարարած են, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ետ մղած են տասնեակ իրանական հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու գրոհներ, ներառեալ՝ ելեկտրակայաններու եւ նաւթային կառոյցներու վրայ։

 Քուէյթի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին էմիրութեան օդային տարածք մտած են 9 պալիսթիք հրթիռ, 4 թեւաւոր հրթիռ, ինչպէս նաեւ 31 անօդաչու։

Գերատեսչութեան տուեալներով՝ գրոհները «նշանակալի նիւթական վնաս պատճառած են եւ առանձին հրդեհներ յառաջացուցած, որոնք մարուած են»։ Յարձակման հետեւանքով զոհեր չկան։