Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը օգտակար, անկեղծ եւ անհրաժեշտ որակած է ապրիլի 1-ին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։
Ռուսիան Հայաստանի հետ կրնայ քննարկել վերջինիս քաղաքական ծրագրերը՝ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Անոր խօսքով՝ Մոսկուայի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներու հանդէպ պայմանաւորուած է երկու երկիրներու միջեւ պատմական սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու պարունակին մէջ Երեւանի ընտրած քաղաքական ուղղութեան նշանակութեամբ։
Նախագահի խօսնակն անդրադարձած է նաեւ արցախեան խնդրին՝ ընդգծելով, որ Ղարաբաղն Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու Հայաստանի որոշումն ընդունուած է առանց Մոսկուայի մասնակցութեան։
Փեսքովն ընդգծած է՝ իր երկիրը որեւէ առնչութիւն չունի Հայաստանի իշխանութիւններու այս քայլի հետ, եւ որ Մոսկուայի մէջ կ՚ակնկալեն, որ այս հարցը քննարկելու ժամանակ ռուսական կողմին հղումներ չեն ըլլար։