image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ զգացուած երկրաշարժէն ետք, եղած են յետցնցումներ

Երեւանի մէջ զգացուած   երկրաշարժէն  ետք, եղած են յետցնցումներ

Երեւան քաղաքէն 8 քմ հարաւ-արեւելք արձանագրուած երկրաշարժին յաջորդած է յետցնցումային աշխուժութիւն, որ հետզհետէ կը մարի։ Արձանագրուած է շուրջ 20 յետցնցում։

«Բնակչութեանը հորդորում ենք դեռեւս մնալ դրսում՝ բաց տարածքում։ Կը տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն»,- տեղեկացուցած է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը: 

ԱԻՆ ստացած է ահազանգեր Այվազովսկիի եւ Սմբատ Զօրավարի փողոցները տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով աւերածութիւններու վերաբերեալ։

Աւելի վաղ, «Արեւելք» տեղեկացուցած էր թէ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ 13 փետրուարին տեղական ժամանակով ժամը 15:29-ին (Կրինիչի ժամանակով` ժամը 11:29-ին) գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.11⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.54⁰ աշխարհագրական չափագրումներով` Հայաստան` Երեւան քաղաքէն 8 քմ հարաւ-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 աստիճան:

երկրաշարժը զգացուած է Երեւան քաղաքին մէջ` 5-6 աստիճան ուժգնութեամբ, Արագածոտնի, Արարատի, Շիրակի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ` 3-4 աստիճան ուժգնութեամբ: