ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեանի եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն Վահրամ Էմմիեանի եւ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանի, այցելած են Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցան դեսպան Մարթին Հութի հետ: Յ. Բագրատունի ՀՅԴ-ի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով գնահատեց Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրման քայլը` զայն նկատելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակ մը: Յ. Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ այլ երկիրներու խորհրդարաններ եւս հետեւին Պունտեսթակի օրինակին եւ կը ճանչնան անհերքելի պատմական փաստը: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման` այդպիսով նպաստելով շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման: Գերմանիոյ դեսպանը իր կարգին ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման թայմինկին կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը: Ան ըսաւ, որ այնպիսի հանգրուանի մը մէջ, երբ գաղթականներու ճգնաժամի լուծման համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խիստ կարեւոր են, Պունտեսթակը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ այդ հարցին մէջ Գերմանիոյ ունեցած դերակատարութիւնը մատնանշող բանաձեւը` այդպիսով ընդգծելով պատմութեան հետ առերեսուելու կարեւորութիւնն ու անխուսափելիութիւնը: Հանդիպումի աւարտին դեսպան Հիւթ յայտնեց, թէ գոհ է, որ այսպիսի պատմական պահու մը ընթացքին կը վարէ հայահոծ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի պաշտօնը եւ լիբանանահայութեան գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը արտայայտող բազմաթիւ նամակներն ու դրուատական կեցուածքներուն մասին զեկուցումները կը փոխանցէ Պերլին: