«Արեւելք»ի Պէյրութեան աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք՝
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հայ համայնքին ծառայելու, նպաստելով կարիքաւորներուն առողջութեան եւ թեթեւցնելու համար անոնց հոգսերը՝ այս դժուար օրերուն։
Անմիջական շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր բարերարներուն եւ կամաւոր աշխատակիցներուն, որոնք այս առաքելութեան իրագործման մէջ մեծ դեր ունեցան
Տօքթ. Վարուժ Ալթեպարմաքեանի տնօրինութեամբ Քլարա Մարկոսեան Հիմնադրամին մշտական օժանդակութեամբ, կենսական դեղեր տրամադրուեցան կարիքաւոր անհատներու, այսօր՝ Շաբաթ, Մարտ 1, 2025-ին, Հրայր Տանձիկեան Հաստատութեան մէջ Մքալլէս։
Իւրաքանչիւր անհատ, իր բժշկին դեղագրին համապատասխան, ստացաւ իր անհատական դեղորայքի ծրարը՝ խնամքով պատրաստուած, ստուգուած եւ ճշդուած։ Բաշխումը կազմակերպուած էր ամենայն բծախնդրութեամբ, ապահովելով դեղերը բոլոր դիմորդներուն համար։ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը - WAUHE յաջողութեամբ իրականացուց իր հերթական դեղորայքի 10-րդ հանգրուանը։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հայ համայնքին ծառայելու, նպաստելով կարիքաւորներուն առողջութեան եւ թեթեւցնելու համար անոնց հոգսերը՝ այս դժուար օրերուն։
Անմիջական շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր բարերարներուն եւ կամաւոր աշխատակիցներուն, որոնք այս առաքելութեան իրագործման մէջ մեծ դեր ունեցան։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում