Նորաշանակ նախարարուհի Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կը շարունակէ ընդունիլ շնորհաւորական այցելութիւններ։
Այս ծիրէն ներս Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարուհի Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, օրերս, իր գրասենեակին մէջ ընդունած է Իրաւագիտութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու դոկտորականի բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէն՝ փրոֆեսօր Խալիլ Ալ-Տահտահը, դոկտոր Տէնի Նաուսի ընկերակցութեամբ։
Այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել նախարար Պայրագտարեանը՝ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առթիւ, եւ մաղթել անոր բարի երթ եւ յաջողութիւն երիտասարդական-մարզական ճանապարհին, որ ուղղուած է աւելի լաւ ապագայի կերտման՝ հիմնուած երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ սկաուտական ոլորտները զարգացնելու տեսլականին վրայ:
Նախարար Պայրագտարեան յայտնած է, որ ինք պիտի ձգտի երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան ասպարէզին մէջ աշխատիլ այնպէս, ինչպէս կ’աշխատէր նախապէս ուսումնարանէն ներս, եւ պատրաստ է իր փորձառութիւնն ու մեթոտաբանութիւնը ի գործ դնելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար։