Պէյրութի մէջ, ուրբաթ՝ 10 յունիս 2016-ին, Նոր Մարաշի «Գերմանիկ կեդրոն»ի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ միաժամանակ 3 գիրքերու շնորհահանդէս: Լուսին Թապագեանի՝ «Արմատներու Ձայնը», վահէ Էլմաճեանի՝ «Փոթորիկը» եւ Յովսէփ Էսկիճեանի՝ «Յաւերժ ճամբորդ հայը» գիրքերը, որոնք պիտի ներկայացնեն Տար Յակոբ Տիւնեայեանը, Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանն ու Տիար Համբիկ Պիլալեանը: Շնորհահանդէսը կազմակերպուած է Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան կողմէ եւ կը վայելէ Լիբանանի հայոց թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւը: