image

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի ԽԳ. հատորի զոյգ գիրքերու շնորհանդէսը Պէյրութի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտին մէջ

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի ԽԳ. հատորի զոյգ գիրքերու շնորհանդէսը Պէյրութի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտին մէջ

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի ԽԳ. հատորի զոյգ գիրքերու շնորհանդէսը Պէյրութի...

Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը համալսարանի հայագիտական տարեգիրքին, որ երկրորդ տարին է ահա, լոյս կը տեսնէ երկու գիրքով՝ մին ընթացիկ տարուայ կիսուն, միւսը՝ աւարտին:

43րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհանդէսին ներկայ էին հոգեւոր, կրթական, ակադեմական շրջանակներէ մարդիկ, գրասէր հայորդիներ: Կեդրոնական սեղանին ցուցադրուած էին համալսարանի հրատարակութիւններէն նմուշներ, իսկ ընթացիկ հատորի գիրքերը տրամադրելի էին փափաքողներուն:

Բացման խօսքը կատարեց ՀՀՀի խմբագրակազմի անդամ Սիլվա Փափազեան, որ յայտնեց, թէ զոյգ գիրքերը խմբագրութեան 18 ժողովներուն արդիւնքն էին, որոնց ընթացքին հրատարակելի նիւթերը կ'ենթարկուին բծախնդիր քննարկումի, միշտ գիտականութիւնը ունենալով իբրեւ չափանիշ եւ ուղենիշ: 33 հայրենաբնակ եւ 18 սփիւռքահայ գրողները կու գան երեք սերունդէ, կրտսերագոյնը ըլլալով 21 տարեկան. այսպիսով երիտասարդ ուսումնասիրողներու աշխատանքը գնահատելու ՀՀ հանդէսի նպատակներէն մին կը դառնայ իրական:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հանդէսի գլխաւոր խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ նշեց վերջին երեսուն տարիներու հայկական եւ միջազգային զարգացումները՝ շեշտելով անոնց քայլ պահելու եւ զանոնք քննական միտքով ուսումնասիրելու կարեւորութիւնը: Առ այդ, ան թուեց զոյգ գիրքերէն ուսումնասիրութիւններ, որոնք համահունչ էին վերոյիշեալ մտասեւեռումին: Տագէսեան նշեց, թէ արդէն կարիքը կը զգացուի, որ հայագիտութիւնը մերձենայ հոգեբանական եւ ընկերաբանական գիտակարգերու, միջուսմունքային մօտեցումով ուսումնասիրելու Սփիւռքի եւ հայրենիքի հայութեան անցեալի եւ այժմու զանազան խնդիրները:

Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագրակազմին, անոր աշխատակիցներուն եւ շնորհանդէսի ներկաներուն, Հանդէսը որակելով գանձ մը: Ան իր խօսքը ծաւալեց ո՞վ է մտաւորականը նիւթով, վեր առնելով այն անձնական՝ հոգեկան եւ մտաւոր առաքինութիւնները, որոնցմով պէտք է օժտուած ըլլայ մտաւորականը՝ անկախ իր վկայականէն, զբաղեցուցած դիրքէն ու հեղինակութենէն: Վերապատուելի Հայտոսթեան մտաւորականին հիմնական դերերէն մին նկատեց հոգեմտաւոր մարդակերտումը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ յարափոփոխ, անհանդարտ, անարդար աշխարհին մէջ պատրաստել խղճի ձայնին անսացող, հանդարտաբարոյ, դիմացինը արժեւորող ու մանաւանդ պատմութեան փոխակերպումները վերլուծող մարդը: Վկայականներէն անդին, մտաւորականին խօսքը, ըստ Հայտոսթեանի, պէտք է ըլլայ ծանրակշիռ, որպէսզի ընդունելի, լսելի եւ ազդեցիկ դառնայ:

Աւանդական դարձած կարկանդակի հատումէն ետք, անպաշտօն մթնոլորտի մէջ շարունակուեցան շնորհաւորանքները, զրոյցներն ու քննարկումները:

 

...Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտին մէջ

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 43րդ հատորի զոյգ գիրքերու շնորհանդէսին երկրորդ հանգրուանը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտն էր:

16 Փետրուարին, գիտաժողովներու սրահը, մեծաթիւ ուսումնասէրներու, մտաւորականներու եւ բարեկհամներու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած այս շնորհանդէսին ներկաները ողջունեց թանգարանի տնօրէն դոկտ. Էտիթա Գզոյեանը: Ապա ան նշեց, որ ուրախ է առաջին անգամ տնօրէնի հանգամանքով Հայկազեան հայագիտական հանդէսի շնորհանդէսի մասնակիցները հիւրընկալելու համար: Ան ընդգծեց, թէ Հանդէսը կը միաւորէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի գիտական ներուժը, եւ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ ունի բացառիկ նշանակութիւն: Ապա Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան խօսք առնելով ընդգծեց, թէ «Հանդէսի խմբագրակազմը զգօն կը մնայ հայկական եւ միջազգային մարդկային, ընկերաբանական, գիտական այլազան նորութիւններուն եւ կը ջանայ զանոնք արձագանգել՝ հայկական պրիսմակով, անոնց մէջ հնչեղ կը դառնայ ժամանակի շունչը. անոնք անուղղակիօրէն կը վերյուշեն մերօրեայ խնդիրներու անցեալի նմանակները: Ասիկա, հարազատ վերաճումն է այն աւանդին, զոր ժառանգեր ենք մեր երախտաշատ երէց խմբագիրներու տեսլականէն:... Թերեւս յաւակնոտ հնչէ, բայց համոզուած եմ որ հայ իրականութեան մէջ Հայկազեան հայագիտական հանդէսը այսօր կը գտնուի առաջին եռեակին մէջ հայագիտական այն հանդէսներուն, որոնք լայնագոյնս կ'արտացոլացնեն հայ իրականութիւնը՝ իր անցեալի ու մանաւանդ ներկայի բազմաբովանդակ երեսակներով»:

Իր խօսքին մէջ, Մատենադարանի գիտական գծով տնօրէնի տեղակալ դոկտ. Վահէ Թորոսեան ընդգծեց որ Հանդէսը «տասնամեակներ շարունակ լաւագոյնս իրականացնում է հայաստանեան եւ Սփիւռքի հայագիտական շրջանակներ կամրջող առաքելութիւնը»: Ան «զարմանք ու բդերկրանք» արտայայտեց իտըս Հանդէսի նիւթերու բազմազանութեան, որոնք «ինքնին բանաձեւում են հայագիտութիւնը, տալիս նրա բովանդակային ու ռժամանակայըին սահմանումները»: Հուսկ, անդրադառնալով 43րդ հատորի երկրորդ գիրքի սկիզբի հարցազրոյցին, ան շեշտեց թէ հայագիտութիւնը կիը դիմագրաւէ նոր մարտակրաւէրներ. «Այսօր միջազգային գիտական չափորոշիչներով բոլորովին նոր պահանջներ են սահմանուել գիտութեան եւ գիտական աշխատանքի վերաբերեալ»:

 Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան շնորհաւորեց Դոկտ. Գզոյեանի նոր պաշտօնը, գոհունակութիւն յայտնեց որ շնորհանդէսը Երեւան եւս տեղի ունեցաւ ու աւելցուց որ ատենին Հանդէսի շնորհանդէսներ կազմակերպուած են նաեւ Արցախի մէջ: Ապա ան շեշտեց ներկայ ժամանակներու տագնապեցումները եւ ընդգծեց մտաւորականութեան առաքելութիւնը՝ ժամանակներն ու իրադարձութիւնները խորաչափելու, արժեւորելու եւ հանրութեան կողմնորոշելու առումով:

 

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ը լոյս կը տեսնէ 1970էն իվեր, Պէյրութի մէջ: Զոյգ այս գիրքերը կը բովանդակեն խմբագրական մը, հարց-պատասխան մը՝ դոկտորներ Կարէն Մաթեւոսեանի, Վարդան Մատթէոսեանի եւ Աշոտ Մելքոնեանի հետ «Հայագիտութիւնը ԻԱ. դարուն» նիւթով, նաեւ՝ ազգագրութեան, արուեստի, արհեստներու, բանահիւսութեան, գրականագիտութեան, ընկերաբանութեան, լեզուի, կրօնքի, Հայ Եկեղեցիին, պատմութեան-հնագիտութեան, տնտեսագիտութեան, փիլիսոփայութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ, հրապարակումներ, քննարկումներ, հաղորդումներ, գրախօսականներ, մահագրականներ, ինչպէս նաեւ համառօտ կենսագրութիւնը աշխատակիցներուն:

Ստորեւ՝ զոյգ հատորներուն բովանդակութիւնը, իրենց համապատասխան լեզուներով.-

Յասմիկ Աբրահամեան, «Ընկուզենու ծիսապաշտամունքային գործառոյթների եւ հաւատալիքների շուրջ (ըստ Սիւնիքից գրառած նիւթերի)»

Անժելա Ամիրխանեան, «''Գայլ'' բառով բաղադրուած բոյսերի անուններ հայերէնում»

Կարօ Աւեսեան, «Լիբանանահայ երաժշտահան Պօղոս Ճելալեանի մանկավարժական մեթոտի առանձնայատկութիւնները»

Սիւզաննա Բարսեղեան, «Սփիւռքի մամուլն «Ethnic Media» հասկացութեան ենթախորքում»

Սեդա Գալստեան, «Էջեր Անտոն Քոչինեանի արխիւից (1966-74)»

Նազանի Գասպարեան, «Վան քաղաքի արհեստները (ԺԹ.-Ի. դարասկիզբ)»

Գալիա Դաւիդովա, «Վերյիշելով եւ վերականգնելով հայկական հարսանեկան ծէսեր, ամուսնական խորհրդանիշեր»

Սուրէն Դանիէլեան, «Հեքիաթի ժանրակազմութեան հետագիծը Օշականի մօտ եւ Օշականից դուրս (ժանրային խորհուրդն ու գայթակղութիւնը)»

Լիլիթ Զաքարեան, «Անկախութեան օրակարգի ձեւաւորումը Անկախութեան հրապարակում եւ գերագոյն խորհրդում»

Ճան Էրզրումլուօղլու, «Անտոն Մատաթիա Գարագաշեանի փիլիսոփայութեան դասագիրքերը եւ գիտապաշտութիւնը»

Լալիկ Խաչատրեան, «Հինհայերէնեան յարադրութիւնների փոխակերպումը բարդութիւնների՝ գոյական+բայ > բայ կաղապարով (տարժամանակեայ հայեցակէտ)»

Մանէ Խառատեան, «Street Artը՝ որպէս պատմութեան կրող. Հայաստանի օրինակը»

Զաւէն Կնեազեան, «Նորայայտ հնագոյն կրօնածիսական ինքնահունչ ''ձեռաց զանգ''ը»

Վազգէն Հախոյեան, «Ալեքսանդրապոլի գաւառի 1920-21ի կոտորածները»

Վահրամ Հովեան, «Միջդաւանական համագործակցութիւնը Քեսապում Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներին»

Վաչէ Ղազարեան, «Նամակներ թերյիշեալ երախտաւորէ մը՝ բժիշկ Գրիգոր Դաւիթեան (1866-1924)»

Արման Մալոյեան, «Սիւնիքի մարզի նորակառոյց եկեղեցիները (2001-22)»

Վարդան Մատթէոսեան, «Սպանիա եւ Մեծ Եղեռնը (1915-23)»

Միհրան Մինասեան, «Անտիպ տեղեկագիր Տենէք-Մատէնի (Քեսկինի) մասին (1900թ.)»

Էլինա Մխիթարեան, «Արցախեան հասարակութիւնը ճգնաժամի պայմաններում (փախստականների եւ տեղահանուած անձանց խոցելի խմբերի օրինակով)»

Կարէն Մկրտչեան, «Րաֆֆու պատմագիտական ժառանգութիւնը պարսկահայ գաղթօճախի մասին Մշակի էջերում (1872-78)»

Վիլէն Մնացականեան, «Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան վերլուծութիւն. ռիսկեր ու հնարաւորութիւններ»

Մոհամմադ Բ. Մալէք Մոհամմադի, «Հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնների պատմութիւնից»

Զաւէն Մսըրլեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան գիտակցութեան հարցը Թուրքիոյ մէջ»

Աստղիկ Յակոբեան, «Իրանահայերի հայրենադարձութիւնը (1946-1980ականներ)»

  1. Հայկ Նազարեան, «Հայկական հակօդային պաշտպանութեան զօրքերի զարգացումը 1994ի մայիսեան զինադադարից մինչեւ 2016ի ապրիլեան ռազմական գործողութիւնները (Բ. մաս)»

Յակոբ Չոլաքեան, «Ընդհանուր տեսութիւն Քեսապի բարբառի բուսանուններուն վրայ»

Յակոբ Չոլաքեան, «Ամերիկեան Պորտի միսիոնարներու նամակներն ու տեղեկագիրերը Այնթապի եւ Մարաշի մէջ 1922ի գաղթականութեան հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան, եւ միսիոնարութեան վաղուան մասին»

Արմէն Պետրոսեան, Արամ Պալեան, «Հայոց ազգածագման խնդիրն ըստ վերջին հնածինական ուսումնասիրութիւնների» 

Կարինէ Ռաֆայէլեան, «Նիւթական եւ վերացական աշխարհների փոխատեղումը Հրաչեայ Սարիբեկեանի վէպերում (Երկուորեակների արեւը, Ապուշների ուղեւորութիւնը

Լուսինէ Սահակեան, «Արդի կոմիտասագիտութեան հիմնախնդիրներ»

Արմէն Շ. Սարգսեան, «Հայ ժողովրդական ստապատումներ եւ սուտասելուկներ»

Արփի Վարդումեան, «Սուրբ Ներսէս Շնորհալու երաժշտական ժառանգութիւնը (մահուան 850ամեակի առթիւ)»

Վանիկ Վիրաբեան, «Բրիտանական ռազմաքաղաքական ներկայացուցիչ գնդապետ Քլոտ Սթոքսի գործունէութիւնը Հայաստանում եւ Անդրկովկասում 1920ին»

Անդրանիկ Տագէսեան, «Ակնարկ հայերէն արձանագրութեամբ բաղնիքի պղնձեայ կաւամաններու վրայ»

Լուսինէ Տանաջեան, «Կրօնական վարքագծի որոշ առանձնայատկութիւններ Թեհրանի եւ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքներում (Էթնօընկերաբանական հետազօտութիւն)»

Մուշեղ Տոնոյեան, «Հայկական ռէփ»

Լիզա Քարիմեան, «Հակաքաղկեդոնականութիւնը Հայաստանում. Զ. դարի սկզբին. Դուինի 506ի ժողովի դաւանական ուղղուածութիւնը»

Զաքար Քէշիշեան, «Գեղունի Չթչեանի մանկապատանեկան խմբերգային երաժշտութեան ժառանգութիւնը»

Grigor Arshakyan & Aram Safaryan, «The Dynamics of Interstate Relations in the Caucasus. A.- Russian-Turkish Relations in the Post-Soviet Period»

Mary Alik Karamanoukian, «Diaspora in Armenia: Immigration and Political Integration of Syrian Armenians»

Herant Katchadourian, «Culture and Psychopathology: The Case of the Armenian Village of Anjar»

Samvel Khachatryan, «An Examination of the Intersection of Populaism and Democracy: The Case of Armenia»

Robert Megerdichian, «Abraham Megerdichian, Eemin shinadz panerus (The Things I’ve Made)»

Vahram L. Shemmassian, «The Armenian Apostolic Church in Musa Dagh, 1919-1939»

Vahram L. Shemmassian, «The Saint Paul Capuchin Mission in Musa Dagh, 1919-1939»

Arto Tavukciyan, «The Persistence of Misleading Western Narratives in 20th Century Rug Scholarship»

Knarik Voskanyan, «A Model of Social Entrepreneurship for Armenia»:

Հատորը կ'ընդգրկէ նաեւ մահագրակաները հետեւեալներուն.- Երուանդ Ազատեան (1935-2023), Պետրոս Ալահայտոյեան (1934-2022), Սերգէյ Գալստեան (19405-2022), Արամ Գրիգորեան (1930-2022), Ժիրայր Դանիէլեան (1941-2022), Վարդան Դեւրիկ-եան (1964-2023), Սուրէն Յասմիկեան (1935-2023), Ռիչըրտ Յով-հաննէսեան (1932-2023), Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան (1937-2021), Արամ Սիմոնեան (1955-2022), Գէորգ Տէր Վարդանեան (1951-2023), Տենիս Փափազեան (1931-2023), Մերի Մաթոսեան-Քիլպուրն (19305-2023):