image

«Cuisine d’Arménie» գիրքի Շնորհահանդէս՝ Վալանսի մէջ

«Cuisine d’Arménie» գիրքի Շնորհահանդէս՝ Վալանսի մէջ

Վալանսի «Արմէնիա» միութիւնը, 12 յունուարին, «Jean Moulin» սրահին մէջ կազմակերպած է «Cuisine d’Arménie» («Հայաստանի խոհանոցը») գիրքին շնորհահանդէսը, մասնակցութեամբ հատորի հեղինակներ՝ քոյր եւ եղբայր Գո­րին եւ Ռիշար Զար­զավաթճեանի։ Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը։

Գիրքը կ՝ընդգրկէ հայկական շուրջ 100 ճաշատե­սակ՝ լուսանկար­ներով եւ բաղադրատոմսերով։

Նախաբանը ստո­րագրած է երաժիշտ Անտրէ Մանուկեան։

Ձեռնարկին, աւելի քան 80­ ներկաներու կարգին, եղած են շրջանի հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքապետարանի անդամներ։

Լրագրող ­ծաղրանկարիչ Գրիգոր Ամիրզայեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք՝ հեղինակները ներկայացուցած են հատորը եւ պատասխանած իրենց ուղղուած հարցումներուն։ Աւարտին, ներկաները ճաշակած են հայկական համադամներ եւ գինի։

Յաջորդող օրերուն՝ «Հայաստանի խոհանոցը» ներկայացուած է նաեւ Վիէնի եւ Լիոնի մէջ։