image

«Երբոր աղօթես՝ ներքին սենեակդ մտիր» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

«Երբոր աղօթես՝ ներքին սենեակդ մտիր» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Ոմանք կրնան հարց տալ՝ կարելի՞ է աղօթել մահճակալի մէջ, կամ ինքնաշարժ քշած ատեն, եւ կամ քալելու միջոցին: Պատասխան՝ այո: Երբոր մեր բերանը բանանք դիմելով Աստուծոյ, այդ մէկը աղօթք է: Երբոր հիւանդանոցի մօտէն անցնինք եւ ըսենք՝ Տէր բժշկէ հիւանդները. այդ աղօթք է: Երբոր արկածի մը հանդիպիպք եւ կամ տեսնենք եւ Տիրոջ ողորմութիւնը հայցելով ըսենք՝ Տէր ողորմէ. այդ աղօթք է: Այսպէս կարելի է Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մնալ եւ աղօթել մեր առօրեային տարբեր ժամանակներուն: Սակայն ուրիշ որակի աղօթք կայ, որու համար Յիսուս կ'ըսէ՝ « երբ աղօթք կ՚ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ» ( Մտթ. 6:6): Այս համարը կը խօսի ծածուկ աղօթելու մասին, սակայն միեւնոյն ժամանակ կ'անդրադառնայ աղօթքի համար յատուկ վայր մը ունենալու իրականութեան: Պէտք է անկիւն մը ունենանք աղօթքի համար, ուր կարելի ըլլայ «դուրի փակել», որպէս ոչ ոք խանգարէ մեզի:

 

Աղօթքը քրիստոնեային կեանքին կեդրոնական մասն է: Որքան ալ գիտակցինք այս ճշմարտութեան, սակայն եւ այնպէս տագնապներու ժամանակ ան աւելի իրական կը դառնայ մեր կեանքերէն ներս:

Աղօթքը մեզ յարաբերութեան մէջ կը դնէ Աստուծոյ հետ. Աստուած՝ որ կեանք է, յոյս, բժշկութիւն, ամրոց եւ զօրութիւն: Իր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով կը ստանանք կեանք, մխիթարութիւն, բժշկութիւն, ապահովութիւն եւ յարատեւելու կորով: Այսպէս օրինակ՝ երբ թշնամիէ ազատուելու համար աղօթենք, առաջին հերթին կը յիշենք, որ Աստուած «Զօրքերու Տէր» (Seigneur De Sabaoth)է: Երբ հիւանդի համար պիտի աղօթենք, խօսքը Տիրոջ կ'ուղղենք՝ «Բժշկող Տիրոջ» (Seigneur De Rapha) ըսելով,եւն.:

Ոմանք կրնան հարց տալ՝ կարելի՞ է աղօթել մահճակալի մէջ, կամ ինքնաշարժ քշած ատեն, եւ կամ քալելու միջոցին: Պատասխան՝ այո: Երբոր մեր բերանը բանանք դիմելով Աստուծոյ, այդ մէկը աղօթք է: Երբոր հիւանդանոցի մօտէն անցնինք եւ ըսենք՝ Տէր բժշկէ հիւանդները. այդ աղօթք է: Երբոր արկածի մը հանդիպիպք եւ կամ տեսնենք եւ Տիրոջ ողորմութիւնը հայցելով ըսենք՝ Տէր ողորմէ. այդ աղօթք է: Այսպէս կարելի է Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մնալ եւ աղօթել մեր առօրեային տարբեր ժամանակներուն: Սակայն ուրիշ որակի աղօթք կայ, որու համար Յիսուս կ'ըսէ՝ « երբ աղօթք կ՚ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ» ( Մտթ. 6:6): Այս համարը կը խօսի ծածուկ աղօթելու մասին, սակայն միեւնոյն ժամանակ կ'անդրադառնայ աղօթքի համար յատուկ վայր մը ունենալու իրականութեան: Պէտք է անկիւն մը ունենանք աղօթքի համար, ուր կարելի ըլլայ «դուրի փակել», որպէս ոչ ոք խանգարէ մեզի:

Աղօթել սորվելու իմաստով պէտք է հետեւինք Եկեղեցիին ծիսական աղօթքներուն: Ժամանակի առումով առաւօտ կանուխ ամենայարմար ժամանակն է, երբ տակաւին կեանքի ժխորը մեր մտքերը չէ ծանրաբեռնած: Աստուածամօր կամ սուրբի մը արձանին եւ կամ սրբապատկերի դիմաց աղօթել օգտակար կրնայ ըլլալ: Անոնք կու գան մեր օժանդակութեան՝ բարեխօսելով մեզի համար: Աղօթք պահը կրնանք սկսիլ «Հայր Մեր»ով, ապա սաղմոս մը կարդալով: Ծիսական աղօթքներ եւ սուրբերու գրած աղօթքները կրնան մեզի խորապէս օգտակար ըլլալ: Ապա կարելի է օրուայ աւետարանակն ընթերցումը կատարել եւ հատուածին վրայ խորհրդածել: Ապա կարելի է բարեխօսել մեր սիրելիներուն համար եւ Տիրոջ առջեւ դնել մեր պէտքերն ու կարիքները: Այս բոլորէ ետք անհրաժեշտ է լուր մնալ մի քանի վայրկեան, առիթ տալով Ս. Հոգիին մեզ առաջնորդելու մեր կատարած ընթերցումներուն եւ խորհրդածութիւններուն միջոցով: Կարեւոր է նաեւ վարդարանի գործածութիւնը: Ոմանք այդ կը կատարեն օրուայ աւարտին՝ աշխատանքէն վերադարձին:

Այս ձեւով աղօթքը կը դառնայ մեր կեանքի կարեւոր մէկ մասը: Աղօթքը կեդրոն դառնալով, Աստուած Ինք կ'ըլլայ մեր կեանքերը առաջնորդողը: Այսպիսով կարելի է Իր կամքին գիտնալ, սորվել եւ հետեւել անոր:

Ս. Պօղոս կ'ըսէ՝ « բայց ուր մեղքը աւելի եղաւ, շնորհքն ա՛լ աւելի եղաւ» (Հռոմ.5:20): Մեր շուրջը մեղքը կը բազմանայ եւ այդ պատճառով ալ Աստուծոյ շնորհքը աւելի է: Սակայն այդ շնորհքը ձեռք ձգելու համար, պէտք է մեր աղօթքի կեանքը աւելի արմատական ըլլայ: Պարզ բարեպաշտութիւնը բաւարար չէ ներկայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու: Եթէ մեր աղօթքի կեանքը չփոխուի, կարելի չէ ներկայի մարտահրաւէրներու դէմ դնել: Աղօթքի կեանքի նորոգութիւնը մեր կեանքերը «ինչո՞ւ Տէր» վիճակէն կը շրջէ եւ զայն կը վերածէ՝ «ԹՈՂ ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ ՕՐՀՆԵԱԼ ԸԼԼԱՅ»ի:

 

Նիւթը՝  «Ռատիօ Վատիկան»ի Հայկական ծառայութենէն